By armenia.com.au | Tuesday, 16 February 2016
Երերքշաբթի 18 Յունուար 2015-ին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Սիտնիի <<Գալէ>> եւ <<Խանասոր>> մասնաճիւղերու պատանիները ու <<Նիկոլ Դուման>> Մասնաճիւղի Երիտասարդները, կազմած էին 80 հոգինոց խումբ մը որ պիտի մէկնէր Մելպուրն:Նպատակը խորհրդանշանական էր,անոնք պիտի միանային Մելպուրնի <<Գարեգին Նժդեհ>> պատանիներուն հետ եւ բացումը կատարէին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան միջ-մասնաճիւղային <<Արցախ>> բանակումին:
Բոլոր պատանիներն ու երիտասարդները ճշդուած ժամին արդէն հաւաքուած էին Սիտնիի Սենդրալ շոգէկառքի կայանէն ներս:
Պատանիներու եւ երիտասարդներու միջեւ ընկերային ջերմ մթնոլորտը թեթեւցուց շոգեկառքի մօտաւորապէս 12 ժամուայ յոգնեցուցիչ ճամբորդութիւնը:Մինչ խումբ մը պատանիներ իրենց չարութիւններու ծրագիրները կը մշակէին, անդին երիտասարդներու ուրիշ խումբ մը իրենց ակնկալիքները կը բաժնեկցէին սկիզբ առած բանակումէն:
Յաջորդ օրուայ արշալոյսին 19 Յունուար 2015, շոգեկառքը վերջապէս հասաւ Մելպուրն եւ բոլորը փոխադրակառքերու միջոցաւ ուղղուեցան շրջանի <<Հայ Կեդրոն>>ը, ուր իրենց կը սպասէին Մելպուրնի <<Գարեգին Նժդեհ>> պատանեկան մասնաճիւղի ընկերները: Նախաճաշելէ ետք բոլոր բանակող ընկերներն ու ընկերուհիները մեկնեցան բանակավայր:
Խումբը ամբողջացած էր, աւելի քան հարիւր Ա.Ե.Մ. անդամներ Դաշնակցութեան դրօշին տակ <<Մշակ Բանուոր>> քայլերգով բացումը կատարեցին այս յատկանշական բանակումին:
Յատուկ յանձնախումբ մը յառաջացուած էր Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ, որպէսզի ծրագրէր եւ առաջնորդէր ամէնօրեայ օրակարգի կէտերը:Անոնք ամիսներու հանդիպումներէ ետք, եկած էին կանխատեսածնին իրականութեան վերածելու:
Պատրաստուած դաստիարակչական եւ ընկերային ծրագիրները ներկայացուցեցան բանակողներուն տարիքի հիման վրայ: Սուրիահայութեան մասին ներկայացուած դասախօսութիւնը իր իւրայատուկ ազդեցութիւնը ունեցաւ բանակողներուն վրայ, մանաւանդ երբ տեսան եւ լսեցին իրենց տարեկից երիտասարդներուն ապրած դժուար պայմաններուն մասին:
Պատանիներուն համար յատուկ դասախօսութեամբ մը ներկայացուեցաւ մասնաճիւղերու անուններուն կենսագրութիւնները, որմէ հասկցան հաւաքականօրէն հերոսի մը անունը կրելու արժէքը:Դէմքերու կողքին, պատանիները ծանօթացան ամբողջական Հայաստանին մաս կազմող <<Ջաւախք>>ի ու <<Նախիջեւան>>ի աշխարհագրութեան եւ ներկայ վիճակին մասին:
Միւս կողմէ,երիտասարդներուն համար հետաքրքրական էր <<Նեմեսիս գործողութեան>> մանրամասնութիւններուն մասին լսելը:Իսկ աւելին, <<1975-1985 Զինեալ Պայքարի>> դասախօսութենէն ետք, անոնք ունեցան անկեղծ զրոյց մը յիշուած ժամանակաշրջանի կարեւորութեան մասին:
Հակառակ մշուշոտ կլիմային, բանակողները խանդավառութեամբ եւ աշխուժութեամբ մասնակցեցան իրենց համար պատրաստուած ընկերային խաղերուն:Նետի նշանառութեան խաղը սուր մրցակցութեան մթնոլորտ մը ստեղծած էր խումբերուն միջեւ, իսկ առիթը ստեղծած էր ամէն մէկ անհատի, մի քանի վայրկեան օդին մէջ թռչելու իր խումբի անդամներուն օգնութեամբ:
Երգի ուսուցումը անպակաս էր օրակարգի կէտերէն,<<Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք>> երգին բառերը մասնակցողները կրցան կարճ ժամանակի մէջ իւրացնել արդիական ձեւով հրամցնելու շնորհիւ:Վերջին օրը ամբողջ բանակողները միասնաբար երգեցին իրենց սորված երգը որուն տեսաերիզը տեղադրուեցաւ համացանցին վրայ:
Կ'արժէ նշել թէ 4 մասնաճիւղերու անդամները հաւասարապէս բաժնուած էին 5 խումբերու, որ առիթը ստեղծեց ոչ թէ միայն իրար հետ ծանօթանալու եւ մտերմանալու, այլ նաեւ պատանի-երիտասարդ փոխ-յարաբերութեան պտուղները քաղելու:Երիտասարդները պատանիներուն օգնելով եւ դասաւորելով առաջնորդ դառնալու փորձարութիւնը ունեցան,իսկ պատանիները երիտասարդներուն կեցուածքը տեսնելով օրինակ առին իրենցմէ:
Պահակութիւնը կենսական է բանակավայրի ապահովութիւնը հաստատելու համար: Հետեւաբար բոլորը ,իրենց ճշտուած ժամերուն համաձայն, պաշտպանեցին իրենց դիրքերը ի մասնաւորի բանակումի դրօշակները, ձախողութեան մատնելով երկու յարձակումի փորձեր:
Վերջին գիշերուան յայտագիր բաւականին երկար էր, խարոյկի շուրջ բանակողները ներկայացուցին իրենց պատրաստած զաւեշտները:Քաջալերական էր որ բոլորը անխտիր ճիգ թափած էին զանոնք Հայերէն լեզուով ներկայացնելու համար:
Բանակումի աւարտին Մելպուրնի մէջ տեղի ունեցաւ պարահանդէս 23 Յունուար 2015, որուն ներկայ էին բանակումի մասնակիցները,Մելպուրնի Հայութիւնը եւ Սիտնիէն ժամանած հայրենակիցներ որոնք ճոխ մթնոլորտով տօնեցին այս ծրագրին յաղթանակը:
Հսկայ այս աշխատանքէն ետք, բոլոր պատանիներն ու երիտասարդները իրենց հետ տուն տարին անմոռանալի յիշատակներ, որ մինչեւ այսօր իրենց կը մղէ անհամբեր սպասելու յաջորդ բանակումին:
Դիտելու համար բանակումի ամբողջական նկարները:
comments