Սիտնիի մէջ <<Զօրակցինք Արցախին>> տեղեկատուական երեկոյ

By armenia.com.au | Saturday, 09 April 2016

Սիտնի- Չորեքշաբթի 6 Ապրիլ 2016ին աւելի քան 400 հայորդիներ ներկայ գտնուեցան Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած <<Զօրակցինք Արցախին>> տեղեկատուական երեկոյին:

Երեկոն տեղի ունեցաւ կազմակերպութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան, Համազգայինի, ՀՄԸՄի, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Արմենիա Մետիա Մամլոյ եւ Տեղեկատուական Ընկերակցութեան: Երեկոյին ներկայ էր թէմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տ. Հայկազուն Եպս. Նաճարեանը, Սոցիալ Դէմոկրատ Հնչակեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները: Երեկոն կը հովանաւորէր Աւստրալիոյ մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցչութեան գրասենեակը:

Արցախի քայլերգէն ետք մէկ վայրկեան յոտնկայց լռութեամբ ներկաները յարգեցին Արցախի մէջ նահատակուած անմեղ զոհերու յիշատակը որմէ ետք օրուայ բեմավար Նորա Սեւակեան հրաւիրեց Եպս. Նաճարեանը որ աղօթքով սկսի օրուայ յայտագիրը:

Ապա ներկաները ուշի ուշով հետեւցան մարնամասն զեկոյցին զոր փոխանցեց Երեւանէն Երկիր Մետիա հեռուստաընկերութեան տնօրէն Գեղամ Մանուկեան Skype-ի միջոցաւ: Մանուկեանի ներկայացուցած զեկոյցէն ետք տեղի ունեցան լուսաբանական հարցեր որոնց մասին Մանուկեան մանրամասն բացատրութիւններ ներկայացուց:

Ելոյթ ունեցաւ Աւստրալիոյ մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան ուր ան փոախնցեց ԼՂՀ կառավարութեան երախտագիտութիւնը գաղութի անսակարկ զօրակցութեան համար: Ապա ան թելադրեց ներկաներուն միշտ զօրաւիք կանգնիլ Արցախին եւ շարունակել նիւթաբարոյական միջոցներով օժանդակել ԼՂՀանրապետութեան:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ <<Դրօ>> Կոմիտէի ներկայացուցիչ ուր ան խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայց ծափահարութեամբ գաղութի երախտագիտութիւնը յայտնել հայրենապահ զինուրներուն որոնք խիզախօրէն պաշտպանեցին Արցախը:

<<Մենք պէտք է աշխատինք որ խաղաղութինը վերադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան: Մեր ժողովուրդը խաղաութիւն կը պահանջէ եւ մեր ժողովուրդը խաղաղութեան արժանի է>> ըսաւ Գայսէրեան:

 

Ներկաներուն ցուցադրուեցաւ տեսաերիզներ Արցախի սահանապահ զինուրներու եւ սահմանի վրայ տեղի ունեցած վերջին իրադարցութիւններուն մասին: Ինչպէս նաեւ ներկաները մասնակցեցան Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած սորագրահաւաքին:

Հինգշաբթի 7 Ապրիլ 2016ին Հայ Առաքելական Եկեղեցոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն եւ աղօթք ԼՂՀ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով: Ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութիւն:

comments

Advertisement