ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի խօսքը Մայիս 28-ի 100-ամեակին առթիւ

By armenia.com.au | Monday, 28 May 2018

- «Արմենիա Մակազին»ի Մայիս 28-ի 100-ամեակին նուիրուած բացառիկ թիւին համար



ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն գոհունակութեամբ կ’ողջունէ «Արմենիա» ամսաթերթի այս բացառիկ թիւի հրատարակութիւնը:

Հայ ժողովուրդի վեց դարերու ստրկական կեանքին վերջակէտ դնող այս հերոսական խոյանքը մեծ անկիւնադարձ մը հանդիսացաւ մեր ազգին համար, որուն 100 ամեակը տօնակատարելու բարեբախտութիւնը կը վայելենք այսօր, ըլլա՛յ Հայաստանի մէջ եւ ըլլա՛յ սփիւռքի:

Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ-Աբարանի հերոսամարտերն էին որ ծնունդ տուին Հայաստանի անկախութեան 1918, Մայիս 28-ին:

Եղեռնէն ճողոպրած հայութեան բեկորներուն այս հերոսական սլացքը կը նմանէր մեր նախահօր՝ Հայկի արձակած նետին որ կու գար տապալելու թշնամին ու պարգեւելու հայութեան նր վերապրում եւ պատմութիւն կերտելու սլացք:

Այդ օրը հիմնաքարը կը դրուէր հայ ժողովուրդի նոր կեանքին, որուն բարերար բարիքներն է որ կը վայելենք այսօր, վերստին ունենալով ազատ ու անկախ Հայաստանի իրականութիւնը:

Մայիս 28-ը կամրջող օղակն է Սեպտեմբեր 21-ին: Անոնք ամրակուռ մէկ ամբողջութիւն են իրար լրացնող ու իրար ամրապնդող: Մէկը իրականացուած է հայ ժողովուրդի արիւնով, իսկ միւսը հայ ժողովուրդի տքնաջան աշխատանքին ու պահանջատիրութեան որպէս արդիւնք:

100 ամեակը օրն է որ գիտակցինք ու տէրը կանգնինք այս մեծ սխրագործութեան: Գիտակցինք մանաւանդ թէ մենք պարտաւոր ենք կերտել սերունդներ, որոնք լաւապէս հասկցած ըլլան Մայիս 28-ի խորհուրդը. Կերտենք սերունդներ, որոնք Մայիս 28-ի խորհուրդով առաջնորդեն մեր նոր ազատագրական պայքարն ու հայ դատը:

Մայիս 28-ը մեզի շնորհեց բազմաթիւ առիթներ, որոնց մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Սեւրի դաշնագիրը, մեր քաղաքական պայքարը առաջնորդող այն մեծ փաստաթուղթը, որուն հետապնդումը կրնայ նպատակը դառնալ մեր ապագայ աշխատանքներուն ու հետապնդումներուն:

Մենք լաւատես ենք այս գծով, մանաւանդ այս օրերուն երբ կը նկատենք թէ ունինք գիտակից ժողովուրդ որ կրնայ ընդվզիլ խաղաղ միջոցներով ամէն տեսակի անարդարութիւններուն դէմ եւ գիտէ խաղաղութեան ընդմէջէն կերտել իր ապագան:

Այս լաւատեսութեամբ գօտեպնդուած մենք վստահաբար պիտի հասնինք մեր նպատակներուն, պիտի հասնինք Սեւրի դաշնագրով բիւրեղացած միացեալ, ազատ ու անկախ Հայաստանին:

Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը. կեցցէ՛ Հայաստանը:


- ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ

comments

Advertisement