By armenia.com.au | Monday, 16 December 2019
Մէլպըրն.- ՀՅԴաշնակցութեան հիմնադրութեան 129րդ ամեակի նուիրուած տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս Աւստրալիոյ Մէլպըրն քաղաքն ալ ունեցաւ իր խանդավառ բաժինը։
Շաբաթ, Դեկտ․ 7, 2019-ի երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ «Հայ Կեդրոն»ի սրահը լեցուած էր Հայ ժողովուրդի այն հատուածով, որ հեռաւոր Սփիւռքի մէջ տակաւին ջերմօրէն կառչած իր հայրենիքին եւ պատմութեան կուգար անգամ մը եւս բարձրացնելու յաղթանակի գինիով լեցուած բաժակները եւ տօնելու Հայոց պատմութեան ամէնափայլուն եւ պանծալի օրեր պարգեւող ՝ ՀՅԴաշնակցութեան հիմնադրութեան 129րդ ամեակը։
Սոյն տօնակատարութեան հանդիսավար՝ եղբայր Մովսէս Գոճատէլեանի հրաւէրով բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ շրջանիս վեդերան ընկերներէն՝ ընկ․ Յովսէփ Վահրիճեանը որ ներկայացուց ՀՅԴ«Ազատամարտ» Կոմիտէն։ Ան կեդրոնացաւ ՀՅԴաշնակցութեան հիմնադիրներուն՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի , Ռոստոմ Ստեփան Զօրեանի, եւ Սիմոն Զաւարեանի առաքելութեանց կարեւորութեան վրայ որոնց օրինակով պէտք է ուղղուինք եւ կանգուն պահենք մեզի կտակուած այդ առաքելութիւնը եւ փոխանցենք զայն յաջորդ սերունդներուն։
Յայտագրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Մէլպըրնի «Արաբօ» մասնաճիւղի անունով՝ ընկհ․Թանիա Հայրիկեան, որ իր կարգին փոխանցեց միութեան խօսքը անդրադառնալով ՀՅԴ-ի կարեւոր դերին Հայ ժողովուրդի ազատագրութեան պատմութեան , Հայաստանի անկախութեան նուաճման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման, Սփիւռքահայութեան ազգապահպանման ու կազմակերպման եւ ինչպէս նաեւ Արցախեան ազատագրական պայքարի շարժման, անկախացման եւ ճանաչման աշխատանքներուն մէջ որդեգրելով միշտ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հանգանակը։ Սոյն խօսքին յաջորդեց ՀՅԴ Աւստրալիոյ պատանեկան միութիւնէն «Գարեգին Նժդեհ» մասնաճիւղի Կարինէ Դաւիթեանի եւ Դալար Հայրիկեանի կատարողութեամբ «Դրօ» ի յիշատակին նուիրուած յեղափոխական երգը։
Ապա՝ ՀՅԴ Աւստրալիոյ «Դրօ» ԿԿ ի խօսք/պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ«Ազատամարտ» Կոմիտէի հերթապահ՝ ընկ․Կիրակոս Լէպլէպճեանը, ուր անդրադառձաւ ԿԿի երկամեայ աշխատանքային ծրագրի սկզբունքին՝ «Վերադարձ արմատներուն եւ հաւաքական ուժը դրականօրէն ծառայեցնելու գաղութի շահերուն»։
Ապա հակիրճ կերպով ներկայացուեցաւ ընդհանրապէս ԿԿի աշխատանքներուն պատկերը, ՀՅԴ ի երկու տիտաններուն՝ Ռոստոմի եւ Արամ Մանուկեանի մահուանց հարիւր ամիակի նշման կարեւորութեանը, առաւել՝ ՀՅԴ«Ազատամարտ» Կոմիտէի հետ համախորհուրդ Մէլպըրնի մէջ ձեռք բերուած դրական փոփոխութիւնները, կուսակցութեան եւ քոյր միութիւններու միջեւ թափանցիկ յարաբերութիւնները, Հայ երիտասարդներու մղումը դէպի Հայ Դատի, կուսակցական եւ կամ քոյր միութիւններու շարքերը պատրաստելու համար Մէլպըրնի ապագայ ղեկավարները։
Ինչպէս նաեւ ողբացեալ Մաթէոսեան բարերարներու ներդրումը եւ անոր դերը Մէլպըրնի ապագայի գաղութին հզօրացման ու ազգային կեանքի վերելքին մէջ, Համազգայինի «Մեսրոպ Մաշտոց Մաթէոսեան» միօրեայ վարժարանի գործընթացի դրական փոփոխութիւնները եւ տարիներու նուիրեալ ընկերուհիներու բերած ներդրումը։ Եզրափակելով՝ կրկին անգամ անդրադարձաւ արմատներու կառչելու ու անոնցմով առաջնորդուելու եւ ապագան կերտելու կարեւորութեան մասին եւ հայօրէն գոյատեւելու, հաւաքականօրէն պայքարելու եւ ծառայելու մեր ժողովուրդի վեհ շահերուն որպէսզի իրապէս արդարացնենք ՀՅԴի 129րդ ամեակի խորհուրդը։
Յայտագրի յաջորդ բաժնով տեղի ունեցաւ օրուան առիթը խորհրդանշող համեղ կարկանդակի հատում։ Ապա բեմը յանձնուեցաւ գաղութիս նորակազմ «Գառնի» նուագախումբին եւ սիրուած երգիչ՝ Յարութ Արզուլեանին, որոնք երեկոն ճոխացուցին ժողովրդական եւ յատկապէս յեղափոխական շարք մը երգերով ժողովուրդիս եւ ի մասնաւորի երիտասարդներու ջերմ ու եռանդուն մասնակցութեամբ եւ դրօշներու աշխոյժ ծածանումով մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը։
comments