By | Thursday, 02 March 2023
Աւստրալահայ գաղութը առաջնորդութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի եւ ՀՕՄի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան, համագործակցաբար ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւններուն, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի, Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան եւ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի շրջանաւարտից միութեան Աւստրալիոյ մասնաճիւղին, հանգանակեց աւելի քան $110,000 Աւստրալիական տոլար ի զօրակցութիւն Միջին Արեւելքի մայր գաղութ Սուրիոյ համայնքին եւ Սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն, որոնք լուրջ նիւթական ու մարդկային վնասներու ենթարկուեցան, Սուրիան եւ իր տարածաշրջանի մէջ գտնուող քաղաքներն ու գիւղերը հարուածող երկրաշարժին հետեւանքով, որ պատահեցաւ Փետրուար 6-ի առաւօտեան վաղ ժամերուն:
Երկուշաբթի 20 Փետրուարի երեկոյեան , այսինքն երկրաշարժէն միայն 14 օր ետք Արմենիա Ձայն Ռատիո ժամի եւ Արմենիա Մետիա հեռուստակայանի առցանց հարթակներով, երեկոյեան ժամը 7 էն մինչեւ 11, ուղիղ եթերով իրագործուեցաւ հեռուստամարաթոնը (Telethon), որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ կառոյցի հովանիին տակ գործող մշակութային, մարդասիրական եւ քաղաքական ու միութենական մարմինները, որոնք շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ անսալով Սուրիահայ գաղութին հասնելու եւ օժանդակելու Հայ Օգնութեան Միութեան կոչին , իրենց բոլոր ուժերը ի մի բերին յաջողութեամբ պսակելու սոյն խիստ կարեւոր ու անհրաժեշտ մարդասիրական դրամահաւաքը:
Յայտագրի ընթացքին Արմենիա Մետիա հեռուստակայանի անձնակազմը գլխաւորութեամբ հաղորդավար Նորա Սեւակեանին զանազան հարցազրոյցներով ըլլայ Սուրիոյ պատկան մարմիններու պատասխանատուներուն հետ եւ ըլլայ Աւստրալահայ համայնքի ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ ,կարողացան երեկոյի ընթացքին , անմիջապէս Սուրիահայ մեր համայնքին օժանդակութիւն հասցնելու կարեւորութեան ու անհրաժեշտութեան պատգամը փոխանցել Աւստրալահայութեան:
Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան ժրաջան ընկերուհիները ինչպէս միշտ կրկին անգամ իրենց պարտականութեան գիտակից երեկոյի ընթացքին անդադար ստացան հայրենակիցներու հեռաձայնները եւ համադրեցին անոնց կատարած նուիրատուութիւնները ամենայն բծախնդրութեամբ:
Նշենք նաեւ որ նախքան հեռուստամարաթոնը արդէն իսկ Սիտնիի երեք հայահոծ արուարձաններու մէջ հայկական կեդրոններէն ներս #TogetherForSyria հանգանակութիւնը սկսած էր:
«Այս գիշեր դրամահաւաքի այս խիստ կարեւոր ծրագիրը կարելի պիտի չըլլար յաջողցնել առանց մեր անխոնջ ու աշխատասէր կամաւորներուն, կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն, վարժարաններու աշակերտութեանց եւ տնօրէնութեանց, սկաուտական շարքերուն եւ երիտասարդական միութիւններուն, որոնք իրենց գերագոյն ջանքերը ի գործ դրին եւ իրենց նիւթական եւ բարոյական յատկանշական ներդրումը բերին սոյն միջոցառման: Սրտանց շնորհակալ ենք ձեր նուիրումին ու ազգային բարձր գիտակցութեան » ըսաւ Աւստրալիոյ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ներսէս Պալիօզեան :
Արմենիա Մետիա ընկերակցութեան խնամակալ կազմի տնօրէն Արամ Թիւֆէնքճեան բարձր գնահատեց Աւստրալահայ հայրենակիցներու նուիրելու ոգին եւ ցուցաբերած ներդրումը սոյն արշաւին եւ եզրափակեց իր խօսքը ըսելով «Կրկին անգամ մեր համայնքը ի մի եկաւ եւ իր ամէնափոքր ու ամէնամեծ նուիրատուութիւնով իր բաժինը բերաւ որպէսզի մեր Սուրիահայ քոյրերն ու եղբայրները կարենան վերաշինել իրենց քանդուած բնակարանները, եկեղեցիները, դպրոցներն ու հայկական կեդրոնները: Դրամահաւաքի Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք իւրաքանչիւր կազմակերպութեան եւ անհատի որ իր լուման նուիրեց այս մարդասիրական ու բարեսիրական կարեւոր ծրագրին ի նպաստ եւ ի զօրակցութիւն մեր մայր գաղութ Սուրիահայ համայնքին»:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ