By Asbarez | Wednesday, 18 January 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Ամերիկահայ յայտնի երաժիշտ Սերժ Թանգեան, իբրեւ աջակցութիւն Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանին, գրառում մը կատարած է <<Ֆէյսպուք>>ի իր էջին վրայ՝ Փայլանը <<իսկակա՛ն հերոս>> անուանելով:
<<Այսօր (Յունուար 16), երբ մենք կը յիշենք Մարթին Լութըր Քինկը եւ այն արժէքները, որոնց համար ան կը պայքարէր, Էրտողանի իշխանութիւնը Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանի պատգամաւորը կը հեռացնէ նիստերէն՝ Ցեղասպանութիւնը յիշատակելուն համար: Կարօ Փայլան իսկակա՛ն հերոս է, որովհետեւ չափազանց դիւրին է ճշմարտութիւնը ըսել այնպիսի հասարակութեան մը մէջ, ուր այդ քայլը հետեւանքներ պիտի չունենայ, բայց շա՛տ վտանգաւոր է նոյնը ընել այնպիսի հասարակութեան մը մէջ, ուր անիկա կրնայ հետեւանքներ ունենալ: Ինծի համար մեծ պատիւ էր հանդիպիլ Կարոյի հետ անցեալ տարի: Մենք հետդ ենք, Կարօ՛>>, գրած է Թանգեան:
comments
Ազրպէյճանցի Սահմանապահները Բերման Կ՛ենթարկեն Հայաստանի Քաղաքացի Մը
Մոսկուայի Բանակցութիւններուն Ընդառաջ Ստեփանակերտը Կը Պահանջէ Անյապաղ Վերացնել Պաշարումը
Համաժողովրդային Խաղաղ Շարժումի Մեկնարկ` Ստեփանակերտի Մէջ
Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միլլըր. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Բանակցութիւններու Շարունակման»