By Asbarez | Saturday, 01 July 2017
ՊՈԼԻՍ - <<Ժամանակ>> օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը Յունիս 29ին պաշտօնապէս Պոլսոյ նահանգապետարան ներկայացուցած է Եկեղեցական ժողովին կողմէ ընդունուած վերջին որոշումը, որով դադրեցուած կը համարուին Արամ արք. Աթէշեանի լիազօրութիւնները որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ:
Եկեղեցական ժողովի որոշումը նահանգապետարանին յանձնած է Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան: Ան յայտնած է, որ որոշումը պիտի կցուի նախապէս Պոլսոյ նահանգապետարան ուղղուած դիմումին: Այդպիսով, պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ պետութեան ներկայացուած թղթածրարը աւելի ամբողջական պիտի դառնայ:
<<Այժմ պէտք է սպասենք, որ նահանգապետարանին կամ պատկան այլ մարմիններու կողմէ նամակ ուղարկուի տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանին, կամ զայն հրաւիրեն նահանգապետարան՝ հանդիպումի>>, նշած է Մաշալեան:
Յուլիս 4ին, պատրիարքարանին մէջ, Պէքճեանի գլխաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ համայնքային խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին, բացի համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարներէն, ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Կրօնական ժողովի անդամները: Այդ ժողովին ընթացքին պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպման նպատակով, պիտի կազմուի նախաձեռնող խումբ մը, որ պիտի ունենայ 17 անդամ: Անոնցմէ 12ը պիտի առաջարկուին եւ ընտրուին համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ, իսկ մնացեալ 5 անդամը՝ պատրիարքարանին վերապահուած քոթայէն:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի Եկեղեցական ընդհանուր ժողովը Յունիս 28ին որոշում կայացուցած է դադրեցնելու Արամ արք. Աթէշեանի լիազօրութիւնները որպէս պատրիարքական փոխանորդ:
comments
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի Կոչը
Հայկական Կարմիր Խաչ Կ՛ահազանգեց, Որ Ատրպէյճանի Կարմիր Մահիկը Կը Խախտէ Շարժման Սկզբունքները
Կոչ Աւստրալիահայ գաղութին՝ բոլորս Արցախի կողքին
Ահաւոր Արկած Երեւան-Գիւմրի Ճամբուն Վրայ. Զոհուած Է 11 Հոգի
Էրտողան. «Զանգեզուրի Միջանցքի Անյապաղ Բացումը Կարեւոր Է Կարգաւորման Համար»