Արմէն Սարգսեան՝ Գիտնական, Դեսպան, Վարչապետ, Գործարար

By Asbarez | Saturday, 20 January 2018

0119armensarkisyan2

Արմէն Սարգսեան ծնած է 23 Յունիս 1953ին, Երեւան: Ամուսնացած է, ունի երկու որդի: Ուսած է Երեւանի պետական համալսարանի տեսական բնագիտութեան եւ ուսողութեան բաժանմունքին մէջ: 1976-1984 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, հիմնադրած է ԵՊՀ տեսական բնագիտութեան Բաղադրիչ համակարգերու համակարգչային ծրագրաւորման բաժինը: Դասաւանդած է նաեւ <<Քեմպրիճ>> համալսարանին մէջ, Լոնտոնի համալսարանի Ուսողութեան հիմնարկին մէջ: 1991-1995ին զբաղեցուցած է Միացեալ Թագաւարութեան մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը: 1995-1996ին՝ Եւրոմիութեան մէջ Հայաստանի Առաքելութեան ղեկավարը եղած է: 1996-1997ին ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը: 1998-1999ին վերանշանակուած է Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնին: Սեպտեմբեր 2013ին Արմէն Սարգսեան երրորդ անգամն ըլլալով ստանձնած է Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը:

2000էն ի վեր Eurasia House International կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահն է: 2001-2011 Քեմպրիճի համալսարանի Ճաճ պիզնես դպրոցին մէջ Եւրասիական կեդրոնի հիմնադիրն ու տնօրէնն է:

Ամէնամեայ Եւրասիական լրագրական ժողովի (Astana) (2002), <<Քեմպրիճ>> համալսարանին մէջ Տարեկան ազդեցիկ համաժողովի (2003) հիմնադիրն է: 2001-2013 թուականներուն British Petrolium, Alcatel, Telefonica ընկերութիւններու գլխաւոր խորհրդատուն եղած է եւ Bank of America Merrill Lynch-ի եւ այլ միջազգային ընկերութիւններու աւագ խորհրդատու:

0119armensarkisyan3

 

Պատուաւոր եւ գործադիր պաշտօններ կը զբաղեցնէ շարք մը կառոյցներու մէջ: Ուժանիւթի անվտանգութեան համաշխարհային խորհուրդի նախագահն է (WEFForum), Արեւելք-արեւմուտք հիմնարկի (EWI) փոխնախագահը, Եւրոատլանտեան անվտանգութեան նախաձեռնութեան յանձնաժողովի համանախագահը (Ուժանիւթի անվտանգութեան նախագահ), Բրիտանահայկական համակուսակցական խորհրդարանական խումբի հիմնադիր նախագահը, Համաշխարհային առաջնորդութեան հիմնարկի (GLF) խորհուրդի անդամը, <<Հարվըրտ>> համալսարանի <<Քենետի>> կառավարման դպրոցի խորհուրդի անդամը, Շիքակոյի համալսարանի հանրային քաղաքականութեան ուսումնասիրութիւններու <<Հարրիս>> դպրոցի խորհուրդի անդամը, <<Ճան Սմիթ>> hիմնարկի հոգաբարձու է, Միջազգային տնտեսական դաշնակցութեան համաշխարհային առաջնորդութեան խորհուրդի անդամ, պատուաւոր աւագ հետազօտող ուսողութեան գիտութիւններու դպրոցին, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատուաւոր դոկտոր է:

Ան պարգեւատրուած է <<Սուրբ Գրիգոր Մեծ>> պարգեւով Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապէն, <<Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ>> մետալով Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.էն:

Հեղինակ է բազմաթիւ ակադեմական յօդուածներու եւ հրապարակումներու տեսական բնագիտութեան, աստղաֆիզիկայի, համակարգչային ծրագրաւորման, քաղաքագիտութեան եւ անցումային տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ: Ունի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան:

Նշենք, որ Ազգային ժողովը Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահը պիտի ընտրէ 2 Մարտին:

 


comments

Advertisement