Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի հանդիպումները միջազգային կրթական հարթակին վրայ

By Asbarez | Thursday, 25 January 2018

0123levonmegerdchian

Լոնտոնի մէջ ընթացող Կրթութեան համաշխարհային համաժողովի ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան շարք մը հանդիպումներ ունեցած է զանազան երկիրներու իր գործընկերներուն հետ:

Լեւոն Մկրտչեան հանդիպեցաւ եւ երկկողմ համագործակցութեան հարցեր քննարկեց Մոնթենեկրոյի, Ուքրանիոյ եւ Սերպիոյ կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներու ղեկավարներուն հետ:

Մոնթենեկրոյի նախարար Տամիր Սէովիչի հետ հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցան կրթութեան ոլորտին, յատկապէս  ուսուցիչներու վերապատրաստման համակարգի զարգացման միտումները: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը յայտնեց, որ Հայաստան այժմ կը գտնուի ուսուցիչներու վերապատրաստման համակարգի վերափոխման շեմին եւ միջազգային յաջող փորձառութիւնը Հայաստանին համար հետաքրքրական է:

Սերպիոյ կրթութեան, գիտութեան եւ արհեստագիտութեան զարգացման նախարար Մլատէն Սարքեվիչի եւ Ուքրանիոյ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լիլիա Կրինեւիչի հետ հանդիպումին ընթացքին Լեւոն Մկրտչեան քննարկեց Եւորապական Միութեան <<Հորիզոն 2020>> ծրագիրի ծիրին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները:

Անդրադարձ կատարուեցաւ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներուն համար <<Հորիզոն 2020>>ի կողմէ սահմանուած մրցութային արտօնեալ պայմաններուն: Այս ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը առաջարկեց գործնական քայլերու ձեռնարկել համատեղ գիտական դրամաշնորհներու դիմումներ ներկայացնելու եւ միասնական խումբեր ձեւաւորելու համար: Նախարարը ընդգծեց, որ Հայաստանի համար էական է ճարտարարուեստի եւ գիտութեան զարգացումը:

Յիշեցնենք, որ Կրթութեան համաշխարհային համաժողովի աշխատանքները տեղի ունեցան  22 Յունուարէն  24 Յունուար ժամանակամիջոցին: Համաժողովի ծիրին մէջ, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին, Համաշխարհային Դրամատսան եւ Բրիտանական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ:

 


comments