Սեւանայ Լիճին Անմխիթար Վիճակը Երկարատեւ Անտարբերութեան Հետեւանք է

By Asbarez | Tuesday, 16 July 2019

0716sevan

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւորներ Նայիրա Զոհրաբեանն ու Սերգէյ Բագրատեանը Սեւանի ճահճացած հատուածէն ջրիմուռներու եւ ջուրի փորձանմուշ առած են, որպէսզի տարրալուծարանային յաւելեալ քննութեան եւ այլ կարծիք ունենալու նպատակով ուղարկեն Վրաստան, մանաւանդ որ Հայաստանի տարբեր կառոյցներ տարբեր մեկնաբանութիւններ տուած են այս վիճակին։ Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Նայիրա Զոհրաբեան։ «Մէկ բան յստակ է. Սեւանի հարցը ազգային անվտանգութեան խնդիր է եւ օր առաջ պէտք է ստեղծել Սեւանի փրկութեան յատուկ յանձնաժողով: Առաջիկայում «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը հրաւիրելու է խորհրդարանական լսումներ, որտեղ մասնագէտների հետ համատեղ կը քննարկենք ստեղծուած արտակարգ իրավիճակն ու կը փորձենք գտնել լուծումներ: Լալահառաչ ելոյթներով հարցեր չեն լուծուելու: Գործ անել է պէտք: Սեւանը հիւանդ է», նշած է ան:

15 Յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին եւս Զոհրաբեան խօսած է Սեւանի վիճակին մասին եւ նշած, թէ տիրող կացութիւնը 2-3 տարուան անգործութեան անդրադարձը չէ, այլ երկարատեւ ժամանակաշրջանի անտարբերութեան հետեւանք է։

«Մեզ ասացին, որ ստացուել են գրանտներ Սեւանը մաքրելու համար: Եւ մենք պիտի հասկանանք՝ այս տարիների ընթացքում այդ գրանտները՝ դրամաշնորհները, ինչի՞ համար են ծախսուել», նշած է ան։

comments