Քոչարեանի Գոյքին Վրայ Դրուած Կալանքին Մէկ Մասը Վերցուած Է

By Asbarez | Wednesday, 16 September 2020

0916Kocharian

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը` նախագահութեամբ դատաւոր Աննա Դանիբեկեանի, մասնակիօրէն բաւարարեց Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գոյքին վրայ դրուած արգելանքը վերցնելուն վերաբերող պաշտպաններու միջնորդութիւնը: Քոչարեանի գոյքէն մաս մը զերծ մնաց կալանքէ:

Դատարանը այս որոշումը տուաւ դռնփակ դրութեամբ ընթացող դատական նիստին ընթացքին։

Քոչարեանի փաստաբանական խումբին տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ դատարանը պահանջած էր արգելանքի տակ գտնուող գոյքին եւ դրամատնային հաշիւներուն վերաբերեալ ամբողջական տեղեկութիւն տրամադրել: Նախորդ նիստին պաշտպանները ներկայացուցած էնն պահանջուած տեղեկանքները, եւ դատարանը շարունակեց աշխատանքը դռնփակ դրութեամբ:

comments