Բողոքի Ցոյց՝ Ազգային Ժողովին Դիմաց. Ձերբակալութիւններ Եւ Դատապարտումներ

By Asbarez | Tuesday, 29 December 2020

1229tsuits 1

 

ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, 28 Դեկտեմբերին, բազմաթիւ քաղաքացիներ բողոքի ցոյց կատարեցին Ազգային ժողովի մուտքերուն մօտ։ Անոնք «Դաւաճան» վանկարկելով՝ դիմաւորեցին «Իմ Քայլը» խմբակցութեան անդամները:

Քաղաքացիներէն մաս մը հաւաքուած էր Դեմիրճեան փողոցի երթեւեկելի հատուածին վրայ, միւս մասը՝ Ազգային ժողովի Բաղրամեան փողոցի մուտքին մօտ: Անոնք հաւաքուած էին իշխանական պատգամաւորներուն ըսելու, թէ՝ իբրեւ Ազգային ժողովի մեծամասնութեան պատգամաւորներ իրենք իրենց անգործութեամբ ոչնչացուցած են Ազգային ժողովը՝ իբրեւ գործադիրի հակակշիռ, իբրեւ առաջնային պաշտօնի հաստատութիւն՝ շեշտելով, որ այս բոլորին համար իրենք պատասխանատուութեան դիմաց պիտի ըլլան։

1229tsuits3

Ցոյցին զուգահեռ, խորհրդարանին մէջ, Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը»  խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի խորհուրդի նիստը: Օրակարգի վրայ կային 15 հարցեր, որոնցմէ մէկը Ազգային ժողովի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Նայիրա Զոհրապեանի  լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցն էր:

Աւելի ուշ, Ազգային ժողովի մօտակայքէն ձերբակալուեցան տասնեակ քաղաքացիներ, որոնց կարգին՝ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեան, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամներ Արծուիկ Մինասեան, Յակոբ Մաթիլեան եւ Աշոտ Սիմոնեան, նաեւ՝ դաշնակցական երիտասարդներ։

1229tsuits4

Ազգային ժողովի մուտքերը շրջափակած՝ անհնազանդութեան ցոյցեր կատարող քաղաքացիները Բաղրամեան պողոտայէն երթով ուղղուեցան դէպի Հանրապետութեան հրապարակը: Անոնք Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներէն պահանջեցին դուրս գալ խմբակցութենէն, երկրին մէջ վերացնել ռազմական դրութիւնը եւ  պահանջել Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում«ը հանդէս եկաւ ցոյցերուն եւ ձերբակալութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղուի ուժային կառոյցներուն՝ չդառնալ հայրենիքը դաւաճանած վարչակարգի գերին: Անոր մէջ կ՛ըսուի, որ բազմաթիւ քաղաքացիներ հաւաքուած էին Ազգային ժողովի շէնքի մուտքին՝ «ամօթի պատ» կազմելով մտնող իմքայլական պատգամաւորներուն դիմաց, որոշ քաղաքացիներ ալ հաւկիթներով դիմաւորեցին զանոնք։ «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեան հայհոյեց ցուցարարներուն, իսկ նոյն խմբակցութեան պատգամաւոր Սիսակ Գաբրիէլեան ինքնաշարժէն դուրս եկաւ՝ հայհոյանքներով յարձակելով ցոյցին մասնակցողներուն վրայ։

«Ոստիկանութեան կողմից պատգամաւորների նման վարքագիծը մնացել է անարձագանգ: Փոխարէնը բերման են ենթարկուել երեք տասնեակից աւել քաղաքացիներ, այդ թւում՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի նախագահ Սիմոն Սիմոնեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամներ Արծուիկ Մինասեանը, Յակոբ Մաթիլեանն ու Աշոտ Սիմոնեանը: Աւելի ուշ ցուցարարների մի մասն ազատ է արձակուել, իսկ մի մասի դէմ յարուցուել է քրէական գործ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։

Action protesting before the RA National Assembly with the resignation of Nikola Pashinyan

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը եւս բողոքի ցոյցերուն վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ նշելով, որ բողոքի ցոյցին մասնակցողները ձերբակալելէն անցած է աւելի քան 3 ժամ, սակայն ոստիկանութիւնը կը մերժէ ազատ արձակել վերջինները, այդպիսով կոպտօրէն ոտնահարելով քաղաքացիի իրաւունքները եւ ազատութիւնները: «Կոչ ենք անում Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեանը դադարել սատարել հոգեվարքի մէջ գտնուող Հայասանի դաւադիր իշխանութիւններին եւ գործել բացառապէս ի շահ հայրենիքի եւ հայ ժողովրդի», կ՛եզրափակէ յայտարարութիւնը։

comments