By armenia.com.au | Sunday, 21 April 2024
Սիրելի հայրենակիցներ,
Երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին մոմեր պիտի չվառեն Գանձասարի, Դադիվանքի, Խոջավանքի, Ղազանջեցոցի կամ Արցախ հայրենիքի կորստեալ վանքերուն եւ եկեղեցիներուն մէջ, ժողովրդային հաւաք պիտի չկազմակերպեն բռնագրաւեալ Ստեփանակերտի Վերածնունդ հրապարակին վրայ, այլ աշխարհով մէկ պիտի նշենք Ցեղասպանութեան 109-ամեակը, մեր հայեացքը սեւեռելով նորագոյն աղէտ Արցախի վրայ:
Անցնող 4 կամ աւելի տարիներուն, տարածաշրջանային ու աշխարհաքաղաքական վտանգաւոր եւ լայնածաւալ փոփոխութիւններով յղի իրավիճակի լոյսին տակ, մենք ակնյայտօրէն դժբախտաբար կը շարունակենք ընթանալ դարեր շարունակ մեր ցաւերուն պատճառ հանդիսացած եւ փակուղի տանող երկու ուղիի վրայ՝ խաղալիք դառնալ գերուժերու միջեւ եւ հրաժարիլ մեր փրկութեան գրաւական հանդիսացող համերաշխութենէն:
Թերթեցէք մեր անցեալի էջերը եւ պիտի տեսնէք, թէ յաղթանակ կերտած ենք երբ եղած ենք ինքնիշխան ու միասնական, իսկ միշտ պարտուած ենք՝ ներքին տարակարծութիւններուն զուգահեռ մեր գրաւը դնելով այլոց վրայ:
Սիրելի հայորդիներ, տարի մը ետք պիտի նշենք Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը, ուստի կը հաւատանք, որ ժամը հասած է զերծ մնալու Հայրենիքին եւ Սփիւռքին ուղղուած դասական ձեւական կոչերէն, փոխարէնը կեդրոնանալով մեր հաւաքական կամքը արտայայտող գործնական եւ իրապաշտ աշխատանքային համընդհանուր ծրագիրի վրայ:
Սիրելիներ, յաճախ կ'ահազանգենք նորանոր ոճիրներու՝ մինչեւ իսկ Ցեղասպանութեան երկրորդ արարի վտանգին մասին, ուստի մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն է անցեալը յիշել ու դատապարտել՝ անոր կրկնութիւնը կանխելու համար, իսկ այդ նպատակին կրնանք հասնիլ միասնական ջանքերու շնորհիւ մեր պետականութիւնը ամրապնդելով, մեր հայրենի ժողովուրդին ապրելու ոգին գօտեպնդելով, մէկդի դրած բոլոր հատուածական շահերը՝ կեդրոնանալով հաւաքականին վրայ:
Որպէս աւստրալահայեր, մեր պարտականութիւնն է նաեւ մեր կառավարութենէն պահանջել իրականութեան ճանաչում եւ արդարութեան աջակցութիւն: Այս առումով, կոչ կ'ուղղենք խուռներամ մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչումի բազմազան ձեռնարկներուն եւ թարմացնելու մեր ազգային ուխտը:
ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմին
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
ՌԱԿ Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն
Սիտնի, 18 Ապրիլ 2024
comments