Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան

By ARF AU | Saturday, 25 March 2023





Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ շրջանի 50-րդ Շրջանային Ժողովը կու գայ հաստատելու իր անվերապահ զօրակցութիւնը Արցախահայութեան Ազատ ինքնորոշման իրաւունքին:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ շրջանի կուսակցական բարձրագոյն ժողովը, մեկնարկեց իր աշխատանքները 24 Փետրուար 2023-ին, ներկայութեամբ 40 պատգամաւորներու եւ հիւրերու, ինչպէս նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ՝ Խաժակ Մկրտիչեանի:

Լսելէ ետք, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ՝ Քայլար Միքայէլեանի զեկոյցը, Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Շրջանային Ժողովը, որ մշակեց կազմակերպութեան յառաջիկայ երկամեայ շրջանի ուղեգիծը, որոշեց իր հնարաւորութիւններն ու կարողականութիւնը ի գործ դնել, Արցախի ու Արցախահայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան ի խնդիր:

Աւելի քան երեք ամիսէ Ազատ Արցախի Հանրապետութեան շրջափակումը արտաքին աշխարհէն,  կու գայ համալրելու հերոս Արցախահայութեան վերջին տառապանքները, որոնք սկիզբ առած էին 2020 թուականի Արցախեան 44 օրեայ պատերազմով:

Միջազգային հանրային կարծիքը հիմնուելով Ազրպէճեանի կողմէ ներկայացուած խաղաղութեան  զրպարտութիւններուն, յաջողեցաւ ճնշում բանեցնել  Հայաստանի կառավարութեան վրայ եւ հեռացնել վերջինս Արցախի իրենց հայրենակիցներու պաշտպանելու պատասխանատուութիւնէն:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ 50-րդ Շրջանային Ժողովը բացարձակապէ՛ս կը մերժէ Արցախահայութեան տեղահանման ջանքերը Արցախի Հանրապետութեան տարածաշրջանէն դուրս եւ կը հաստատէ 1991 թուականի Սեպտեմբերի հանրաքուէով իրագործուած ազատ ինքնորոշման իրաւունքները:

Առ Այդ, ՀՅԴ Աւստրալիոյ շրջանը կը համագործակցի Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք կ’աշխատին առանց տատամսելու եւ անսասան յանձնառութեամբ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի Հողերու պաշտպանութեան

Շուշիէն՝ մինչեւ Վան, Հատրութէն մինչեւ Անի:

 

Մեր կազմակերպութիւնը յառաջիկայ երկամեակին կը հաստատէ՝ թէ անվարան յանձնառութեամբ պիտի աշխատի իր հովանիին տակ գործող երիտասարդական, քաղաքական, մարդասիրական, մարզական, մշակութային, կրթական ուղեկից միութիւններուն հետ յանուն Արցախի եւ Արցախահայութեան:

 

Ի դիմաց ՀՅԴ Աւստրալիոյ 50-րդ Շրջանային Ժողով

Սիտնի 26 Փետրուար 2023

comments