Եռապատկուած է Հայաստանէն պտուղ–բանջարեղէնի արտածումը

By Asbarez | Friday, 18 April 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանէն պտուղ-բանջարեղէնի արտածումը՝ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով զգալիօրէն աւելցած է: Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան համաձայն՝ 17 Ապրիլի դրութեամբ Հայաստանէն արտածուած է աւելի քան 17 հազար 319 թոն թարմ պտուղ-բանջարեղէն, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի 5 հազար 302 թոնի փոխարէն:


Հայկական պտուղ-բանջարեղէնը հիմնականօրէն կ՛առաքուի Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Վրաստան եւ Իրաք։


comments