Ոչ եւս է Ընկեր Կարօ Իփրաճեանը

By ARF AU | Sunday, 17 September 2023



Երկուշաբթի 4 Սեպտեմբեր 2023ին վաղ առաւօտեան Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կազմակերպական կառոյցի վաստակաւոր ընկերներէն ընկեր Կարօ Իփրաճեանը:  

Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:

Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի 20 Սեպտեմբեր 2023-ին Առաւօտեան ժամը 10:30-ին Մելպուրնի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Թաղման կարգը պիտի կատարուի Springvale Botanical Cemetery գերզեմանտան մէջ:

Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն եւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ «Ազատամարտ» Կոմիտէն հրապարակեցին հետեւեալ մահախօսականները՝


ԳՈՅԺ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ շրջանի վաստակաշատ ընկերներէն Ընկեր Կարօ Իփրաճեանի մահը:

Ընկեր Կարօ Իփրաճեանի կեանքը՝ Դաշնակցութեան եւ Աւստրալահայ գաղութին համար եղաւ համակ նուիրում ու զոհողութիւն:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու Ընկեր Կարօ Իփրաճեանի ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
Սիտնի - Աւստրալիա

********

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Ազատամարտ» Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ իր ընկերներէն Ընկեր Կարօ Իբրաճեանի մահը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Ազատամարտ» շրջանի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Կարօին ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:

ՀՅԴ«Ազատամարտ» Կոմիտէ
Մէլպըրն - Աւստրալիա

comments

Advertisement