By armenia.com.au | Monday, 15 April 2024
Գաղութային եւ ազգային հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ, Երեքշաբթի, 9 Ապրիլ 2024-ին, տեղի ունեցաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ ղեկավար կառոյցներուն հերթական ժողովը: Գլխաւորութեամբ ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ Վարիչ մարմինի ատենապետ Սեպուհ Գալփաքեանի եւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ներսէս Պալիոզեանի, հայ քաղաքական զոյգ կուսակցութիւններու ժողովը արծարծեց ազգային, հայրենական եւ գաղութային հրատապ թղթածրարներ:
Ժողովականներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Հայրենիքի անվտանգութեան դէմ ցցուած սպառնալիքներուն վրայ ու շեշտուեցաւ վտանգաւոր իրավիճակը միասնական ջանքերով յաղթահարելու անհրաժեշտութիւնը: Արծարծուեցան տեղահանուած արցախցիներու իրավիճակին վերաբերող նիւթեր ու շեշտուեցաւ այդ խնդիրներուն շուտափոյթ լուծումներ գտնելու հրամայականը:
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչումին, ժողովականները քննարկեցին կազմակերպուած միացեալ ձեռնարկին վերաբերող հարցեր, ապա աւստրալահայութեան վերստին կոչ ուղղեցին խուռներամ մասնակցելու ոգեկոչումի բոլոր ձեռնարկներուն՝ վերահաստատելու, որ մեր Դատը անժամանցելի է, իսկ մեր պայքարի ոգին՝ անկոտրում:
Աւարտին, ժողովականները որոշեցին շարունակաբար գումարել համագործակցութիւնը ամրապնդող նման ժողովներ:
ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմին
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
comments