Ծերակոյտը Միաձայնութեամբ Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւը

By Asbarez | Monday, 16 December 2019

1213SRes150 passes

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբերին, ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզի (Դ., Նիւ Ճըրզի) եւ Թետ Քրուզի (Հ., Թեքսաս) հեղինակած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Ծերակոյտին կողմէ, յատկանշական հարուած մը եւս հասցնելով Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի երկարամեայ արշաւին։

Բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան կողմէ 405 ձայներով Հոկտեմբերին ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւին կրկնօրինակն է։

«Այսօր, Ծերակոյտը իր ձայնը միացուց մերժելու արշաւին Անգարայի ուրացումին եւ այդ ուղղութեամբ տարած գործունէութեան, որ հանդիսացած էր ամերիկեան պատմութեան մէջ Քոնկրեսին վրայ օտար երկրի մը կողմէ կամք պարտադրելու ամէնէն երկարատեւ «վեթօ»ի գործածութիւնը։ Միաձայն քուէն այժմ լուսարձակի տակ կը դնէ նախագահը, որ ցարդ կը յամառի Էրտողանի փափաքած «վեթօ»ն պարտադրելու իր անտրամաբանական կեցուածքին վրայ։ Ժամանակն է, որ գործադիր իշխանութիւնը իր ձայնը միացնէ օրէնսդիր մարմինին, վերջ տալով ամերիկեան մեղսակցութեան՝ Անգարայի սուտերուն տարածման արշաւին», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

Բանաձեւը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչնալու եւ այդ ոճիրին զոհերուն պատշաճ ոգեկոչում ապահովելու կողքին կը շեշտէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման կտրուկ մերժումը եւ անոր դասաւանդման կարեւորութիւնը՝ իբրեւ այսպիսի ոճիրներու կանխարգիլման կարեւոր միջոց:

Յատկանշական է, որ միայն շաբաթ մը առաջ, հանրապետական ծերակուտական մը՝ Քեւըն Քրէյմըր (Հ., Տըքոթա), հետեւելով նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին ցուցմունքներուն՝ դէմ դրած էր թիւ 150 բանաձեւը քուէարկութեան դնելու երրորդ փորձին: Նախապէս, Տէյվիտ Փըրտու (Հ., Ճորճիա) եւ Լինզի Կրեհեմ (Հ., Հարաւային Քերոլայնա) արգելք հանդիսացած էին քուէրակութեան, իսկ Մենետեզ խոստացած էր շաբաթը առնուազն մէկ անգամ օրակարգի նիւթ դարձնել բանաձեւին քուէարկութիւնը, մինչեւ անոր հաստատումը:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել www.anca.org/SRes150 կայքէջը։

 

ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆ Է. ՓԱՇԻՆԵԱՆ

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատմական իրադարձութիւն համարեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման բանաձեւին ընդունիլը, զայն համարելով յարգանքի տուրք՝ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակին եւ մեծ քայլ՝ ցեղասպանութեանց կանխարգիլման օրակարգի ամրապնդման ուղղութեամբ:

«ԱՄՆի Սենատի թիւ 150 բանաձեւն արդարութեան եւ ճշմարտութեան յաղթանակն է: Աշխարհասփիւռ հայերի անունից յայտնում եմ մեր երախտիքը Սենատի այս նշանակալի որոշման համար», կը գրէ Փաշինեան:

comments

Advertisement