Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian

By Armenia Media | Wednesday, 04 September 2024



Australia Live By Armenia Media առցանց հեռուստակայանի հարցազրոյցներու յայտագրով հաճոյքով զրուցեցինք վերջերս Աւստրալիա հիւրաբար ժամանած տաղանդաշատ ամուսիններ՝ Ծոցի երկիրներու շրջանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, սփիւռքագէտ, մտաւորական եւ գրագէտ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին եւ իր տիկնոջ ՝ ընկերալեզուաբան եւ Քուէյթի Մերձաւոր Արեւելք Ամերիկեան համալսարանէն ներս դասախօս՝ Դոկտ. Արտա Պոյնէրեան Ճէպէճեանին հետ։ Միասնաբար արծարծեցինք սփիւռքը յուզող ընկերային ու լեզուական հարցեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձանք Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի հրատարակած վերջին գրքին «հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս», որուն շնորահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ 6 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին Սիտնիի Հայ Առաքելական Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ ։ Հրաւիրուած է Սիտնիաբնակ հայութիւնը։ հաճելի ակնդրութիւն։

comments

Advertisement