ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ - ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ, ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմին, ՌԱԿ Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն

By Armenia Media | Wednesday, 05 March 2025





Միջկուսակցական կապերը աւելի եւս ամրապնդելու, գաղութային գործունէութիւնը արժեւորելու, հայրենիքին ու ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու համահայկական թղթածրարները արծարծելու նպատակով, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու Աւստրալիոյ ղեկավար մարմինները խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան Երեքշաբթի, 25 Փետրուարին:

ՀՅԴ-ի Սիտնիի գրասենեակին մէջ գումարուած ժողովին մասնակցեցան Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմինի ատենապետ Սեպուհ Գալփաքեանի, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Հայկ Լեփեճեանի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Քորթեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնները:

Հանդիպումը նախ առիթ էր կուսակցութիւններու ղեկավար նորընտիր մարմիններու փոխադարձ ծանօթացումի, որմէ ետք արծարծուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցը արժանավայել եւ համակարգուած ձեւով ոգեկոչելու ծրագրերն ու առաջարկները: Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները շեշտեցին, որ Մեծ Եղեռնի ոգեկոչումը գէթ յիշատակումէ աւելի կառչածութիւն է հայկական անժամանցելի պահանջատիրութեան եւ ամբողջական յանձնառութիւն` այդ անքակտելի սկզբունքին:

Անդրադառնալով Պաքուի մէջ Արցախի ղեկավարութեան ցուցադրական դատավարութեան, ժողովականները խստիւ դատապարտեցին Ատրպէյճանի ծրագրած այս ապօրինի μեմադրութիւնը, որ ոչ միայն կը խախտէ գերեվարուած հայ պաշտօնատարներուն անձնական մարդկային իրաւունքները, այլեւ կ’ոտնակոխէ միջազգային եւ համամարդկային բոլոր հասկացութիւններն ու իրաւաμանական կարգերը: Ժողովականները միաժամանակ քննադատեցին տեղի ունեցածը ամբողջական լռութեամբ արհամարհող միջազգային ընտանիքին ու համապատասխան կազմակերպութիւններուն վարքագիծը`պահանջելով ճնշում բանեցնել Պաքուի ղեկավարութեան վրայ, որպէսզի անյապաղ գործադրեն պայմանաւորուածութիւնները եւ ազատ արձակեն բոլոր հայ գերիները: ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ղեկավարները միաժամանակ իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին արցախահայութեան`կոչ ուղղելով միշտ կառչած մնալ հայրենադարձութեան արդար իրաւունքին:

Իսկ արժեւորելով Հայրենիքին ու հայրենի ժողովուրդին առջեւ ցցուած ծանր մարտահրաւէրները, ժողովականները շեշտեցին, որ այս զգայուն փուլը կարելի է յաղթահարել համերաշխութեամբ եւ միասնականութեամբ: Նկատել տալով, թէ այս օրերուն կը նշուի Արցախեան փառաւոր շարժումի մեկնարկման 37-ամեակը, ժողովը յիշեցուց, որ Արցախեան առաջին պատերազմին յաղթանակը իրագործուած էր շնորհիւ հայկական միասնական պայքարին, կոչ ուղղելով այսօր եւս դիրքաւորուիլ հայութիւնը համախմբող խորագրերու տակ` խուսափելով տարակարծութիւններէ ու բաժանարար ապարդիւն բանավէճերէ:

Խօսելով գաղութային կեանքին մասին` ժողովականները գնահատեցին աւստրալահայութեան աշխուժութիւնը, օգտաշատ ձեռնարկներու կազմակերպումը եւ նշեալ գործունէութեանց երիտասարդութեան մասնակցութիւնը, ուստի յանձնառութիւն յայտնեցին միասնականութեան ամրապնդումին` առաջարկելով այս դրական ընթացքը շարունակել յանուն գաղութի առաւել ծաղկումին:

ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմին

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ

ՌԱԿ Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն

Սիտնի, 25 Փետրուար, 2025

comments