Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան

By ARF AU | Friday, 21 April 2023

Հայոց Ցեղասպանութեան 108րդ ամեակի սեմին, հայ ժողովուրդը կը գտնուի իր պատմութեան դժուարագոյն հանգրուաններէն մէկուն ընդառաջ։ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ցեղասպանական վարչակարգերը անգամ մը եւս սրած են իրենց ախորժակները, թիրախ դարձնելով ո՜չ միայն Արցախն ու Արցախահայութիւնը, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ինքնիշխան տարածքով։


Դժբախտաբար, թշնամի զոյգ պետութիւնները իրենց այս ախորժակները արագընթաց քայլերով կը յաջողին յառաջ մղել առանց ոեւէ բովանդակալից եւ ազդեցիկ դիմադրութեան։ Հայաստանի իշխանութիւններու պարտուողական հայեցակարքն ու քաղաքականութիւնը պարզապէս յաւելեալ խթան կը հանդիսանան թուրք-ազերի կործանողական միտումներուն։ Ի տես սեփական պետութեան անկարողոթեան եւ անկամեցողութեան, անիրատեսական է ակնկալել ու պահանջել այս կամ այն պետութեան հայանպաստ միջամտութիւնները։ Իբրեւ արդիւնք, այսօր՝ Ցեղասպանութենէն 108 տարիներ ետք, վտանգուած կը մնան հայ պետականութեան հիմքերը եւ մեր ազգի գոյութենական պայքարը։


Այս իրավիճակին դէմ յանդիման աշխարասփիւռ հայութեան մօտ, ինչպէս Աւստրալիահայ համայնքին մօտ ակնյայտ է յուսահատութեան եւ յուսախափութեան ալիք մը։


Բայց եւ այնպէս, մենք իրաւունք չունինք ընկրկելու։ Եթէ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր նախահայրերը, իրենց սեփական սպիներն ու կորուստները մէկդի դրած, նոր շունչ ու կեանք կրցան պարգեւել մեր ժողովուրդին, ուրեմն մենք եւս կրնանք յաղթահարել այս հանգրուանը։ Ո՜չ միայն կրնանք, այլ՝ պարտաւոր ենք եւ պարտական՝ մեր նախահայրերու յիշատակին ու զոհողութիւններուն եւ գալիք սերունդներու իբրեւ արժանապատիւ հայեր ապրելու իրաւունքին։


Վերականգման այս ուղիին վրայ մեր յաջողութեան գրաւականը պիտի ըլլայ վստահիլ մեր սեփական ուժերուն՝ կառչելով հայկականին, համախմբուելով  հայամէտին շուրջ։ Մեր փրկութեան լաստերը պէտք է գտնենք մեր հաւաքական իմաստութեան, կամքին ու կարողականութեան մէջ։


Այս փիլիսոփայութիւնն է որ մեզ պէտք է առաջնորդէ Հայաստանէն եւ Արցախէն մինչեւ Սփիւռք: Այս յանձնառութեան մէջ մեր ներշնչման աղբիւրը պիտի ըլլան հայ ժողովուրդի բնորոշ գերմարդկային վճռակամութիւնն ու նուիրումը. այն վճռակամութիւնն ու նուիրումը որ մեզ ժառանգ ձգած են մեր նախահայրերը, որ մեզի այսօր կը պատգամէ Արցախահայութիւնը։


Այսօր, իբրեւ Աւստրալիահայեր աւելի քան երբե՛ք հաւատարիմ պէտք է մնանք նոյն ոգիին՝ համախմբուելու հայկականին շուրջ, քաջալերելու հայամէտը եւ վերջապէս՝ ապրելու հայօրէն։


Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցը, իր երիտասարդական եւ պատանեկան շարքերով, մշակութային, կրթական, մարդասիրական եւ մարմնամարզական միութիւններով ու Հայ Դատի մարմինով կը շարունակէ մնալ այս պայքարի ու ոգիի ջահակիրը։ Ընկրկելու իրաւունք պարզապէս չունինք։


«ԴՐՕ» Կեդրոնական Կոմիտէ



comments