Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք

By ARF AU | Sunday, 27 October 2024



Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը արտասանուած ՀՅԴ Աւստրալիոյ կառոյցի հիմնադրութեան 60 ամեակի նուիրուած միջոցառման:



Գերաշնորհ Սրբազան Հայր, յարգելի վերապատուելի, հոգեւոր հայրեր, յարգարժան ազգային քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, պատուարժան հիւրեր, սիրելի ընկերներ եւ հայրենակիցներ,

ՀՅԴ Բիւրոյի ընկերներս եւ ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհին այս օրերուն ընթացքին կը գտնուինք Աւստրալիա, ոչ միայն մասնակցելու ժողովներու, հերթական հանդիպումներու եւ զեկուցելու մեր շարքերուն ու ժողովուրդին, այլ մեր մասնակցութիւնը բերելու նաեւ ՀՅԴ Աւստրալիայի աշխոյժ կառոյցի հիմնադրութեան վաթսունամեակի նշումին: Արդարեւ՝ Աւստրալիոյ մեր շրջանը այսօր կարեւոր դերակատարութեան ունի արեւմտեան աշխարհի այս երկրէն ներս հայապահպանման ու հայակերտման, համայնքային կառոյցներու հաստատման եւ ամրապնդման, հայեցի դաստիարակութեան եւ երիտասարդութեան հայ կեանքի մէջ ներգրաւման, հայ մշակոյթի տարածման ու հայ դատի բազմաշերտ գործունէութեան ոլորտներէն ներս. եւ ոչ միայն տեղական մակարդակով. Աւստրալիոյ շրջանը իր պատուաբեր մասնակցութիւնն է բերած, ու կը շարունակէ բերել, մեր համահայկական ու համասփիւռքեան նախաձեռնութիւններուն:

Սիրելիներ,

1980ական թուականներու վերջերէն մինչեւ 2020-ի Սեպտեմբերը մենք ունեցանք անխոցելիութեան զգացում, որովհետեւ յաղթանակած ժողովուրդ էինք: Արցախը ազատագրուած էր, Հայաստանը՝ վերանկախացած, Ջաւախքը՝ աշխուժացած, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ զարթօնքի ծիլեր արձակուած եւ Սփիւռքը՝ ունեցած հայ դատի կարեւոր ձեռքբերումներ համաշխարհային մակարդակով: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը ամրապնդուած էր եւ ազգային օրակարգի հիմնական կէտերու շուրջ ալ համախոհութիւն ստեղծուած էր, մանաւանդ 2015ի հարիւրամեակի համախմբող մթնոլորտէն ետք:

Բնականաբար՝ ՀՅԴն իր առիւծի բաժինը բերած էր այդ իրագործումներուն մէջ ի գին մեծ զոհողութեանց. հազարաւոր նահատակներու արիւնով նուիրականացած յաղթանակները, քաղաքական մեծ աշխատանքը, քարոզչական համադրուած արշաւները եւ հայրենիքի ու Սփիւռքի տագնապահար շրջաններուն ուղղուած հսկայածաւալ օժանդակութիւնները տուած էին ակնկալուած արդիւնքը եւ կար համատարած լաւատեսութիւն: Համոզումի էր վերածուած նաեւ մեր այն կարգախօսը, որ յանձնառու Սփիւռքը լաւագոյն գրաւականն է հզօր հայրենիքի:

Ամրապնդուած էին մեր ազգային արժանապատուութիւնը եւ ազգային իղձերու հանդէպ մեր հաւատքը. ստեղծուած էր աննախընթաց համահայկական միասնականութիւն ի սպաս մեր հայրենիքին ու իտէալներուն. իսկ ներազգային տարաձայնութիւններն ու Հայաստանի իշխանութիւններու բազմապիսի խարխափումները մանր անախորժութիւններ եւ սրբագրելի վրիպումներ կը թուէին ըլլալ մեծ պատկերին մէջ: Աղէտներու ու կորուստներու հարիւրամեակէ ետք, պայծառ դարաշրջան մը բացուած կը թուէր ըլլալ հայութեան առջեւ:

Գիտէք արդէն, որ Արցախի պատերազմի ընթացքին ամէն տարակարծութիւն մեկդի դրած, ՀՅԴն նուիրուած էր հայութեան յաղթանակը ապահովելու գործին՝ հիմնականին մէջ չորս ուղղութիւններով՝ 1) հայրենիքի պաշտպանութեան համար տրամադրելով մարդոյժ կամաւորական պահեստազօրի ճամբով, 2) ստեղծելով քաղաքական համաշխարհային զօրաշարժ, 3) ձեռնարկելով համաշխարհային քարոզչական պայքարի ամենուրէք եւ 4) խթանելով հայրենիքին համար հանգանակային համահայկական արշաւը եւ մասնակցելով աննախընթաց նիւթական կռուաններու ստեղծումին  պատերազմին յաջող ելքին համար:

Ուստի հասկնալի էր, որ ազգովին ապրեցանք ահաւոր ցնցում երբ 2020-ի աշնան Արցախեան երկրորդ պատերազմին կրած պարտութիւնը ի յայտ եկաւ եւ խորտակեց անպարտելիութեան եւ անխոցելիութեան հանգանակը: Հիասթափութիւնը ճնշող էր մանաւանդ երբ յաղթանակի կեղծ տպաւորութիւններ ստեղծած իշխանութիւններու շղարշը պատռուեցաւ եւ մեր կորուստներու իսկական տարողութիւնը պարզուեցաւ 2020ի Նոյեմբեր 9-ին:

Ազգային նսեմացումի առաջնորդած ՀՀ ղեկավարը մերժեց ընդունիլ Արցախն ու Հայաստանը աղէտի առաջնորդած ըլլալու հանգամանքը, վճռեց ամէն գնով կառչիլ իր իշխանութեան աթոռին եւ ծնկաչոք դիմեց թշնամիներուն ազգովին մեզ նսեմացնող պարտուողական պայմաններու մէջ:

Այս մեծագոյն աղէտին առթած համատարած յուսահատութեան եւ ընկճուածութիւնը յառաջացուց նոյնիսկ խզում հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ: Եւ սկիզբ առաւ շարքը միակողմանի զիջումներու, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակէ ՀՀ այս իշխանութիւնը՝ կեղծ «խաղաղութեան» օրակարգի պիտակին տակ:

Ուստի, բնական էր որ այս կացութիւնը առաջնորդէր ժողովրդային ցասումի. հայրենիքի փրկութեան շարժումները եւ ներկայի Սրբազան Պայքարը զօրաշարժի ենթարկեցին հայրենի ժողովուրդի կարեւոր զանգուածը վերականգնելու համար ազգային գաղափարախօսութեան հիմքերու վրայ գործող պետութիւնը, բայց ՀՀ իշխանութիւնը ամէն ճիգ թափեց, եւ կը շարունակէ թափել, ապակողմնորոշելու եւ պառակտելու հայրենի ժողովուրդը. առաւել՝ այդ իշխանութիւնը ստեղծեց քաղաքական հալածանքներու մթնոլորտ եւ բռնատիրական ոստիկանապետութիւն:

ՀՅԴն եւ իր գործընկերները շարունակեցին ընդդիմադրութիւնը, բայց ժողովրդային հաւաքները չհասան այն թիւերուն, որպէսզի խարխլի այս իշխանութեան հիմերը: Մենք շարունակելու ենք պայքարը, առաւել օտագործելու ենք ՀՀ ԱԺի ազդեցիկ հարթակը մեր կեցուածքները ներկայացնելու եւ փորձելու կանխել միակողմանի նորանոր զիջումներ:

«Բաժնէ որ տիրես»ի քաղաքականութիւն որդեգրած ՀՀ իշխանութիւնը այսօր Սփիւռքն ալ պառակտելու սեւ գործին է լծուած։ Մինչդեռ թշնամիներով շրջապատուած եւ մեծ հարուած ստացած մեր հայրենիքին համար աւելի քան երբէք անհրաժեշտ է ազգային գաղափարախօսութեան հիմքի վրայ համահայկական կուռ միասնականութիւն։

Այսօր, դէմ հանդիման կը գտնուինք նորագոյն մարտահրաւէրներու, որովհետեւ պարտուած ու հայկականութենէ դատարկուած Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը բազմիցս փաստած են եւ դարձած ամէն տեսակի զիջումներու պատրաստ: Մարտահրաւէրներ ունինք նաեւ Սփիւռքի պարագային, ուր արդէն գործող կառոյցներու թարմացման, յաւելեալ աշխուժացման եւ աշխատելաոճի արդիականացման կարիքները դարձած են հրամայական:

Մեր հայրենիքի առջեւ ցցուող գլխաւոր մարտահրաւէրները եւ ՀՅԴ դիրքորոշումները հինգ մասերու կարելի է բաժնել՝

Ա) Արցախ

Արցախահայութիւնը վիրաւոր է այսօր. իր պապենական հողերը դատարկուած են եւ ժողովուրդը դարձած տարագիր. Սակայն, պիտի վերականգնի Արցախը. պիտի պայքարինք, որ Հայաստանը տէր կանգնի Արցախահայութեան իրաւունքներուն սատարելու իր պարտաւորութեան:

Մեր ներկայ շեշտաւորումները յստակ են՝ հաւաքական վերադարձի իրաւունք, Արցախի միջանկեալ կարգավիճակի ճշտում եւ վերջնական կարգավիճակի բանակցութիւններ, գերիներու եւ Պաքույի մէջ պահուող քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումշ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման դէմ արշաւ, Ազրպէյճանի ցեղասպանական էթնիկ զտումի քաղաքականութեան քօղազերծում եւ Հայաստան ապաստանած Արցախահայութեան բազմազան կարիքներու օժանդակութիւն:

Մէկ խօսքով, մենք վստահ ենք, որ ոչ միայն պիտի վերականգնի Արցախը, այլեւ պիտի ծաղկի, հզօրանայ եւ վերջիվերջոյ միանայ մայր հայրենիքին:

Բ) Սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթաց

Բազմիցս յայտարարած ենք, որ ՀՀ իշխանութիւնները մեծ զգուշաւորութեամբ պարտին մօտենալ այս հարցին: Իրենց հոգեբանական ներկայ դրուածքով եւ միակողմանի զիջումներու ատակ այս իշխանութիւնները պարտին գտնել կամքը արմատականօրէն պաշտպանելու Հայաստանի սահմաններն ու հողային ամբողջականութիւնը: Առաւել՝ Հայաստանի գերիշխանութենէն ոչ մէկ զիջում ընդունելի է եւ կտրականօրէն մերժելի է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրեան միջանցք»ի հաստատման մեր թշնամիներու եւ այլոց պահանջները:

Գ) Հայաստան-թուրքիա յարաբերութիւններու կծիկ եւ խաղաղութեան կերծ օրակարգ

Անխոհեմ քայլ էր ՀՀ վարչապետի Հայաստան-թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութեան յաելեալ ճակատ բանալը այս տագնապալի օրերուն, երբ առկայ են Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրը եւ Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու անլոյծ թնճուկը. այս բոլորը կը կատարուին քարոզելով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ցնորամիտ մօտեցումը, հակառակ որ ակնյայտ է թէ հայութեան թշնամիները իրենց արիւնարբու նկրտումներէն եւ Հայաստանի իսկ հանդէպ յատուկ ախորժակներ դրսեւորելու վարքագիծէն չեն հրաժարած:  Հայաստան-Թուրքիա սահմանը Թուրքիան է փակած եւ կարող է բանալ առանց որեւէ նախապայմանի: ՀՀի կողմէ որեւէ զիջում կամ նախապայման ընդունելի չէ. իրողութիւնը սակայն այլ է. Թուրքիան բազմաթիւ նախապայմաններ արդէն առաջադրած է եւ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները կը պայմանաւորէ նաեւ Ազրպէյճանի պահանջներու բաւարարումով:

Դ) Թրքական եւ Ազրպէյճանական հակահայ գրոհ

Թուրքիա եւ Ազրպէյճան այժմ իրենց ախորժակները սրած են Հայաստանի նկատմամբ եւ ծրագրուած, համադրուած հակահայ քարոզչական եւ ցուցական արշաւի են դիմած աշխարհասփիւռ հայութեան դէմ: Հայաստանը անվտանգութեան լուրջ խնդիր ունի. թիրախ է Հայաստանի գերիշխանութիւնը եւ մեր թշնամիները վճռած են հայուն դարձնել անհայրենիք:

Ե) Ազգային արժէքներ

ՀՀ Իշխանութիւնները հարուածի տակ առած են ազգային արժէքները, ազգ-բանակ հասկացողութիւնը, հայեցի դաստիարակութիւնը, Ազգային Գիտութիւններու Ակադեմիան, ՀՅԴն եւ հայ եկեղեցին: Ժողովուրդը ազգային գաղափարախօսութենէն հեռացնելով փորձ կը կատարուի անգոյն ու անձեւ զանգուածի վերածելու հայրենի նոր սերունդը: Ամէն գնով պայքարելու ենք այս ապազգային ծրագիրներուն դէմ:

Վերոյիշեալներէն անդին՝ Սփիւռքն ալ ունի իր իւրայատուկ կարիքները եւ հարցերը: Որպէս համահայկական կազմակերպութիւն, ՀՅԴի համար էական է նաեւ ունենալ կենսունակ, յանձնառու, նպատակասլաց եւ հայկականութեամբ տրոփող կազմակերպ սփիւռք. անհրաժեշտ է յաւելեալ թափ եւ միջոցներ հայթայթել հայ դատի մեր ցանցի արդէն իսկ խիստ արդիւնաւէտ աշխատանքներուն:

ՀՅԴ մեծ ընտանիքը, իր երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններով, ուղեկից միութիւններով, հայ դատի յանձնախումբերով ու գրասենեակներով, ինչպէս նաեւ՝ Դաշնակցութեան քարոզչական, ընկերա-տնտեսական, վերլուծական գրասենեակներով պատնէշի վրայ է ապահովելու հայկական միասնութիւն ի սպաս հայրենիքի ու հայութեան:

Այսօր Սփիւռքը մէկ մարդու նման պարտի փարիլ հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, անխնայ պայքարիլ Թրքա-Ազրպէյճանական հայատեաց փանթուրանական ճակատին դէմ, նաեւ դուրս գալ վհատական փորձութենէն եւ անպայմանօրէն փակել հայրենիքի ու Սփիւռքի միջեւ բացուած խրամատը:

Սիրելի հայրենակիցներ,

Այսօր հայրենիքի եւ Սփիւռքի ազգային գաղափարախօսութեամբ համակուած ոյժերը վճռած են պաշտպանել հայրենի պետականութիւնը, Արցախի պետական կառոյցը, ազգային արժէքները եւ համազգային շահերը: Համոզուած ենք, որ 2020ի պարտութիւնը լոկ ճակատամարտի կորուստ է եւ ոչ` պատերազմի աւարտ: Ազգային ազատագրական պայքարը կը շարունակուի: Ժամանակաւոր պարտութիւններու էջը փակած ենք եւ վերանորոգ թափով շարունակելու ենք ազգային ազատագրական պայքարը մինչեւ յաղթանակ:

Այդ յաղթանակները ուշանալու չեն որովհետեւ մենք, եւ հայ ժողովուրդը առհասարակ, ունինք կամքը, ներոյժը եւ պատրաստակամութիւնը կերտելու ազգային միասնականութիւն եւ վառ ապագայ:

Ձեր վաթսունամեակը շնորհաւոր. Աւստրալիոյ շրջանը, որ վաթսուն տարիներէ ի վեր իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէ հայ կեանքին, վստահաբար յաւելեալ կորովով եւ պինդ վճռակամութեամբ պիտի շարունակէ եւ բազմապատկէ իր մասնակցութիւնը համահայկական մեր նուիրական գործին:

Շնորհակալութիւն:

 



comments