Հայկական բանակը իշխող նոր դիրքեր գրաւած է Նախիջեւանի սահմանին վրայ

By Asbarez | Wednesday, 02 July 2014

 

 


«Հորիզոն».- Յունիսի սկիզբը, ատրպէյճանցիներուն համար անսպասելի եւ անակնկալ զինուորական արագընթաց գործողութեամբ մը, հայկական բանակը Նախիջեւանի սահմանին վրայ յառաջացած եւ իշխող դիրքեր ու բարձունքներ գրաւած է: Հայկական կողմին վերահսկողութեան տակ անցած է հարիւր քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն մը, որ մինչ այդ վերահսկման տակ չէր՝ բարդ աշխարհագրութեան եւ կլիմայական պայմաններու պատճառով: Նշենք, որ քարտէսով այդ տարածութիւնը Հայաստանին կը պատկանի, սակայն մշտական զինուորական դիրքեր եւ պահակակէտեր չկային այնտեղ:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար զօրավար Զաքիր Հասանով Յունիս 25ին ատրպէյճանական «ԱՆՍ» գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին հաստատած է, որ հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները նոր դիրքեր գրաւած են սահմանագիծին վրայ:

«Ռազմինֆօ» լրատուական ցանցի հրապարակած լուսանկարները ցոյց կու տան, թէ հայկական պահակակէտերը աւելի նպաստաւոր եւ բարձր դիրքի վրայ են: Ատրպէյճանական զինուորներու խրամատներ յստակօրէն կը տեսնուին հայկական նոր դիրքերէն:

Նախիջեւան քաղաքը այս դրութեամբ կը գտնուի հայկական սահմանէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

 


comments

Advertisement