Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

By Aztag Daily | Tuesday, 29 August 2023


Բերձորի ապօրինի տեղադրուած անցակէտէն արցախցի երեք երիտասարդներու առեւանգումը 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան, ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներու կոպտագոյն խախտում է եւ բացայայտ արհամարհանք միջազգային հանրութեան, այդ շարքին` ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու աներկբայ եւ հասցէական կոչերուն, յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Երէկ անցակէտին վրայ Ազրպէյճանի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ առեւանգուած են Արցախի բնակիչներ Ալեն Սարգսեանը, Վահէ Յովսէփեանը եւ Լեւոն Գրիգորեանը: Անոնք Հայաստան կը տեղափոխուէին` շարունակելու իրենց ուսումը:

Պաշտօնական Երեւանը նշած է, որ տեղափոխութիւնը նախապէս համաձայնեցուած էր եւ կ՛իրականացուէր ռուսական խաղաղապահ ուժերուն ուղեկցութեամբ: Այս առեւանգումին նախորդած էր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ անյապաղ բժշկական օգնութիւն ստանալու նպատակով Հայաստան տեղափոխուող 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանի առեւանգումը:

«Տարբեր կեղծ պատրուակներով տեղի ունեցած այս միջադէպերը թոյլ կու տան հիմնաւոր մտավախութիւն ունենալ, որ Ազրպէյճանը անթաքոյց կերպով կը ծրագրէ հաւաքական պատիժի ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ ժողովուրդը, որ նախորդ դարու 90-ականներուն եւ 2020 թուականին ստիպուած եղած է դիմակայել Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ նախայարձակումները եւ պաշտպանել սեփական հայրենիքին մէջ խաղաղ կենսագործունէութիւն ծաւալելու իր իրաւունքը», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

«Այս քաղաքականութիւնը ցոյց կու տայ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան իրական նկրտումները` ամէն ձեւով խուսափելու Լեռնային Ղարաբաղի հետ երկխօսութենէն եւ փոխարէնը շարունակելու ցեղային զտումներու իր քաղաքականութիւնը: Շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելուն ուղղուած քայլերուն աջակցելու փոխարէն ազրպէյճանական կողմը ակնյայտօրէն իր բոլոր ջանքերը ներդրած է զանոնք տապալելու ուղղութեամբ: Տեղի ունեցող զանգուածային ոճրագործութեան կանխարգիլումը` կարելի ամբողջ գործիքակազմին կիրարկումով, իրավիճակին վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր դերակատարներուն եւ, ընդհանուր առմամբ, քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ ստանձնած անմիջական պարտաւորութիւնն է», շեշտած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

comments

Advertisement