«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

By Aztag Daily | Friday, 08 September 2023


«Ալֆա Նիուզ»-ի աղբիւրին համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը, ամենայն հաւանականութեամբ, յառաջիկայ շաբաթավերջին պիտի այցելէ Հայաստան` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի լուծման վերաբերեալ նոր ըսելիքով: Այցելութիւնը նախատեսուած է 9-էն 10 սեպտեմբերի միջեւ:

Կայ նաեւ տեղեկութիւն, որ Մաքրոն Երեւանէն ետք պիտի այցելէ Պաքու: Ֆրանսայի նախագահը նախապէս յայտնած էր, որ կը պատրաստուի բանակցութիւններ վարելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եւ հանդէս գալու Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման հարցին մէջ դիւանագիտական նոր նախաձեռնութեամբ:

comments