Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

By Aztag Daily | Tuesday, 29 August 2023


Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն դեսպաններու խորհրդաժողովի ընթացքին ըսած է, որ այս շաբաթ բանակցութիւններ պիտի վարէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եւ հանդէս պիտի գայ նոր դիւանագիտական նախաձեռնութեամբ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապը լուծելու համար:

«Այս շաբաթ ես պիտի խօսիմ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ: Մենք պիտի պահանջենք Լաչինի մարդասիրական միջանցքի վերաբերեալ համաձայնութիւններու լիարժէք պահպանում:

«Ինչպէս նաեւ նոր դիւանագիտական նախաձեռնութեան պիտի սկսինք, որպէսզի միջազգային ասպարէզին մէջ ուժեղացնենք ճնշումը Ազրպէյճանի վրայ», ըսած է Ֆրանսայի նախագահը:

comments