Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

By Aztag Daily | Tuesday, 29 August 2023


Ազրպէյճանական կողմը Բերձորի միջանցքին մէջ գտնուող ապօրինի անցակէտին վրայ երէկ առեւանգած է ռուս խաղաղապահներուն ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան գացող 22-ամեայ Ալեն Նելսոնի Սարգսեանը, կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը:

Ըստ հաղորդագրութեան, Ալեն Սարգսեանը կը մեկնէր Երեւան` ուսումը շարունակելու: Առեւանգման պատճառներուն մասին որեւէ հաւաստի տեղեկութիւն տակաւին յայտնի չէ:

«Ազրպէյճան կը շարունակէ Արցախի ժողովուրդին հանդէպ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը` անգամ մը եւս խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոնները: Դէպքին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները պիտի յայտնուին աւելի ուշ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Աւելի ուշ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը հաղորդեց, որ եւս երկու հոգի` Վահէ Յովսէփեանը եւ Լեւոն Գրիգորեանը չեն հատած Բերձորի միջանցքին մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական անցակէտը, սակայն կարելի չէ եղած անոնց հետ կապ հաստատել:

Երեք երիտասարդներն ալ Հայաստանի ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողներ են:

comments