Յայտարարութիւն

By ARF-AU | Thursday, 21 September 2023


Յայտարարութիւն

Արցախի մէջ կատարուած վերջին զարգացումները հասկնալիօրէն ցնցած են համայն հայութիւնը։ Խիզախ ու արժանապատիւ Արցախն ու Արցախահայութիւնը երկար տարիներու պայքարէ եւ երկար ամիսներու դիմադրութենէ ետք այսօր դրուած են թուրք-ազրպէյճանական զոհասեղանին։

Աւելի՜ն, Արցախը Ազրպէյճանի մաս դարձնելու միտումները այսօր հսկայական հարուած կը հասցնեն հայոց պետականութեան հիմքերուն։ Այս իրականութիւ՜նն է որ չհասկցան, չուզեցին հասկնալ Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք պարզապէս լքեցին Արցախն ու Արցախահայութիւը՝ հայրենի այս տարածքը ճանչնալով իբրեւ Ազրպէյճանի մաս։ Իրենց ապազգային քաղաքականութեամբ ու դիւանագիտական աններելի սխալներով անոնք դերակատար դարձան հազարաւոր կեանքերու զոհողութեամբ ձեռք բերուած Արցախի անկախութեան կորուստին։ Այս ամօթը եւ այս քաղաքականութեան հետեւանքները մենք պիտի կրենք տակաւին երկա՜ր տարիներ։

Շատերու համար կը թուի թէ ամէն ինչ կորած է։ Սակայն հայոց պատմութիւնը մեզ կը յուշէ որ հայ ժողովուրդը յանձնուող, պարտուող ժողովուրդ չէ։ Մենք տեսած ենք աւելի վատը եւ կրկին վերապրած, յարութիւն առած, կառուցած, կերտած հայրենիք ու պետականութիւն։

Այսօր մենք գործ ունինք մեր առջեւ. հսկայական գործ՝ պաշտպանելու Արցախահայութեան ֆիզիքական ապահովութիւնը, պահպանելու Արցախի հայկական ինքնութիւնը եւ դիմադրելու, ընդդիմանալու եւ այո՜ ձախողցնելու թուրք-ազրպէյճանական հայաջնջման ծրագիրները, որոնք կը սկսին բայց չեն վերջանար Արցախով։ Այս բոլորին նկատմամբ պէտք է արթնցնել միջազգային հանրութիւնը եւ հաշուետուութիւն պահանջել։ Այս հրամայականին մէջ իր վճռական դերը պիտի խաղայ Աւստրալիահայութիւնը։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցը իր ուղեկից միութիւններով այսօր կը մտնէ պայքարի նոր փուլ, խաղի նոր եւ աւելի քան երբեք աննպաստ պայմաններով, բայց՝ երբեք ընկրկած ու յանձնուած։

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ

Հայ Օգնութեան Միութեան Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն

ՀՄԸՄի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւն

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Պատանեկան Միութիւն

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբ

Արմենիա Մետիա Մամլոյ եւ Տեղեկատուական Ընկերակցութիւն

comments

Advertisement