Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

By Aztag Daily | Tuesday, 29 August 2023


Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 28 օգոստոսին հրաւիրած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի, որուն ընթացքին քննարկուած են 28 օգոստոսին առեւանգուած Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներու ճակատագիրներու պարզման, զանոնք հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ կատարուող քայլերը, Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, հաւանական զարգացումները եւ իշխանութիւններուն ընելիքները:

«Արմէնփրես»-ը այս մասին տեղեկացաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան տարածած հաղորդագրութենէն:

«Նախագահ Յարութիւնեան նիստի մասնակիցներուն տեղեկացուցած է Ազրպէյճանի կողմէ այսօր առեւանգուած Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներու ճակատագիրներու պարզման եւ զանոնք հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ կատարուող քայլերուն մասին: Քննարկուած են Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, հաւանական զարգացումները եւ իշխանութիւններուն ընելիքները՝ օրըստօրէ խորացող մարդասիրական աղէտը դիմակայելու եւ անվտանգային խնդիրները լուծելու նպատակով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

comments