Մահազդ - Գեղամ Սարգիսեան

By armenia.com.au | Sunday, 26 September 2010

Աւստրալիոյ Հ.Յ.Դ. ԴՐՕ Առանձնակի Կոմիտէն դառն կսկիծով կը գուժէ մահը, իր հաւատարիմ ընկերներէն՝ Գեղամ Սարգիսեանի, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 25 Սեպտեմբեր 2010, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։

Այս առթիւ, յանուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ԴՐՕ Առանձնակի Կոմիտէութեան եւ իր բոլոր ընկերներուն կողմէ մեր խորազգաց ու սրտագին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընկերոջ ընտանեկան պարագաներուն, եւ Սարգիսեան գերդաստանին:

Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ, երեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2010-ի կ.վ. ժամը 2-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ:

Հ.Յ.Դ. ԴՐՕ
Ա. Կոմիտէ

comments

Advertisement