Նորօրեայ Պայքարի Ընդառաջ

By ARF AU | Friday, 05 January 2024



Սիրելի հայրենակիցներ,

Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն կը շնորհաւորէ ձեր Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը՝ մաղթելով ձեզ յաջողութիւն, ուժ եւ կոռով՝ յաղթահարելու մեր ազգին առջեւ ծառացած բազմաթիւ խնդիրները։

2023ը մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն դժբախտ տարիներէն մէկը հանդիսացաւ։ Միջազգային համայնքի լուր մեղսակցութեամբ Արցախի հայաթափումը ցնցեց համայն հայութիւնը։ Կարծէք Անգամ մը եւս մեր հնամեայ ազգին կ՛ըսուէր որ մենք իրաւունք չունինք մեր հայրենի հողին, մեր նախահայրերու հողին վրայ խաղաղօրէն, հայօրէ՜ն ապրելու։

Թուրք-ազրպէյճանական ցեղասպան վարչակարգերու շարունակուող յարձակողական քաղաքականութիւնը եկաւ անգամ մը եւս փաստելու որ մենք կ՛ապրինք ո՜չ թէ խաղաղութեան դարաշրջանի մէջ, այլ՝ կը գտնուինք գոյութենական, լինել-չլինելու նորօրեայ պայքարի ընդառաջ։

Այս պայքարին դէմ յանդիման մենք իրաւունք չունինք վհատելու եւ ընկրկելու. վկայ՝ մեր ցեղասպանուած, բայց վերապրած նախահայրերու պատգամը. վկայ՝ մեր ազգային ազատագրական դատին համար զոհուած մեր բիւրաւոր հերոսներու աննկուն կամքը. վկայ՝ եռաբլուրը, ուր խաղաղութիւն գտած մեր ազատամարտիկներու զոհաբերութիւնը ամէն օր մեզ կը պարտադրէ մնալ զգօն եւ պահանջատէր, կը գոչէ մեզ ո՜չ թէ տարուիլ խաղաղութեան սին խոստումներով, այլ առաջնորդել ազգային զարթօնք վերականգնելու մեր արժանապատուութիւնը եւ ոտնակոխուած իրաւունքները։

2024ը կը զուգադիպի ՀՅԴ Աւստրալիոյ կառոյցի հիմնադրութեան 60 ամեակին։ Այս կարեւոր թուականը մեզ կու գայ յուշելու թէ հո՜ն ուր կայ կամք, կայ միջոց, հո՛ն ուր կայ նպատակ, նուիրում եւ աշխատանք, ուրեմն կայ նաեւ յառաջխաղացք եւ յաջողութիւն։

Ներշնչուած մեր 60ամեայ աննահանջ երթով ու անխոնջ նուիրումով՝ յանձնառու կը մնանք ծառայելու մեր ազգային ազատագրական դատին եւ Աւսրալահայ գաղութի կազմակերպման եւ պահպանման դատին։

Ի հեճու՛կս բոլոր դժուարութիւններուն մենք պիտի շարունակենք հայապահպանման մեր երթը համագործակցաբար մեր ուղեկից միութիւններուն՝ Հայ Օգնութեան Միութեան, ՀՄԸՄի եւ Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հետ։

Պիտի թիավարենք հոսանքն ի վեր, որպէսզի շարունակենք պահպանել եւ դրոշմել Արցախի հայկական ինքնութիւնը նոր սերունդներուն մօտ։ Պիտի հետապնդենք Արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը եւ ոգի ի բռին պիտի պայքարինք գերեվարուած մեր հայրենակիցներու ազատ արձակման համար։ Պիտի շարունակենք Աւստրալիոյ հանրութիւնը իրազեկ դարձնել թուրք-ազրպէյճանական ոճիրներուն մասին։

Այս պայքարին մէջ իր վճռական դերակատարութիւնը պիտի ունենայ մեր երիտասարդութիւնը՝ առաջնորդութեամբ Աւստրալիոյ Հայ Երիտասարդական Միութեան, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը, իր նուիրեալ ընկեր ընկերուհիներով։

Սիրելինե՛ր, նոր տարին լաւագոյն առիթ կը հանդիսանայ վերարժեւորման եւ վերանորոգման։ Եկէ՜ք միասնական ջանքերով լծուի՜նք աշխատանքի՝ յանուն Արցախահայութեան, հայրենիքի եւ  Աւստրսլահայ գաղութի բարօրութեան։

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
5 Յունուար 2024 - Սիտնի

comments

Advertisement