Երկուշաբթի 29 Ապրիլ Մելպունի մէջ իր մահկանացուն կնգեց Աւստրալահայ գաղութի բաերարներէն Օրիորդ Սոնիա Մատթէոսեան որ իր եղբօր հետ միասին իրենց կատարած իշխանական նուիրատուութիւններով սատար հանդիսացած էին թէ գաղութիս եւ թէ Հայրենիքէն ներս զանազան ծրագիրներու:
Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Եկուշաբթի 6 Մայիս 2024ին կէսօրէ ետք ժամը 12:30ին
Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիէն ներս: Իսկ թաղման կարգը Սբրինկ Վէյլ գերեզմանատունէն ներս:Յետ թաղման արարողութեան հոգեսուրճ պիտի մատուցուի Հայ Կեդրոնէն ներս: Այս տխուր արիդով հրապարակուեցան հետեւեալ մահախօսականները՝
Գոյժ - Սոնիա Մատթէոսեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն ու անոր ուղեկից միութիւնները սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն Մելպուրնի Մեսրոպ Մաշտոց Մատթէոսեան շաբաթօրեայ վարժարանի բարերար, Հայ Օգնութեան Միութեան Ախուրեանի Մօր ու Մանկան ծննդատան բարերար, ինչպէս նաեւ գաղութիս շարք մը ծրագիրներու բարերարներէն Օրիորդ Սոնիա Մատթէոսեան մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի 29 Ապրիլ, 2024-ին:
Յանուն ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէին, ՀՅԴ Մելպուրնի Ազատամարտ Կոմիտէութեան եւ անոնց ուղեկից միութիւններուն կու գանք մեր խորին ցաւակցութիւնները յայտնելու հանգուցեալին հարազատներուն եւ համայն Աւստրալահայ գաղութին:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
Ցաւակցական - Սոնիա Մատթէոսեան
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ ՀՕՄ-ի համայն ընտանիքը խոր կսկիծով կը գուժեն արժանաւոր Հայուհի, ազգային բարերար Օրդ. Սրբուհի Սոնիա Մատթէոսեանի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի Ապրիլ 29, 2024-ին Մէլպուրն, Աւստրալիա:
Ծնեալ 28 Յունուար, 1934-ին, Ալեքսանդրիա, Եգիպտոս, Օրդ. Սրբուհի Սոնիա Մատթէոսեանը յաճախած է քաղաքի հայկական կրթարանը եւ ապա Sacred Heart Անգլիական վարժարանը: Ուսումը աւարտելէ ետք պաշտօնավարած է որպէս shorthand Typist Clerk Ալեքսանդրիա եւ ապա
Մէլպուրնի մէջ, 1967-ին Աւստրալիա հաստատուելէն ետք:
Օրդ. Սրբուհի Սոնիա Մատթէոսեանն ու իր հանգուցեալ եղբայր՝ Տէր եւ Տիկին Յարութիւն եւ Ծովինար Մատթէոսեանները մեծագոյն բարերարներն են Ախուրեանի ՀՕՄ-ի «Մօր ու Մանկան» Առողջապահական Կեդրոնին ու Ծննդատան որ կը սպասարկէ մօտակայ եօթ գիւղերու եւ Շիրակի մարզի բնակչութեան:
Մատթէոսեան ամոլը եւ Օրդ. Սոնիա իրենց նուիրատուութեամբ նպաստեցին Ծննդատան բացման եւ ներկայ էին ծննդատան պաշտօնական բացման արարողութեան: Օրդ. Սոնիան անհատաբար նաեւ երկար տարիներ ստանձնեց ծնողազուրկ մանուկներու հոգատարութիւնը ՀՕՄ-ի Որբախնամ ծրագրին միջոցաւ:
Տէր եւ Տիկին Յարութիւն Մատթէոսեաններն ու Օրդ. Սոնիան իրենց իշխանական նուիրատուութեամբ նպաստած են Մէլպուրնի Հայ Կեդրոնի շինութեան եւ ապա Համազգայինի Մեսրոպ Մաշտոց միօրեայ վարժարանի շինութեան:
Յարգանք ու խոնարհում մեր սիրելի բարերարին օրինակելի նուիրման հանդէպ գաղութին ու հայրենիքին: Մեր խորին ցաւակցութիւնները Օրդ. Սրբուհի Սոնիա Մատթէոսեանի սգակիր հարազատներուն, Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ին եւ Մէլպուրնի գաղութի բոլոր անդամներուն։
Թող յաւերժ լոյսերու մէջ ննջէ իր հոգին:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Ցաւակցագիր - Սոնիա Մատթէոսեան
Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը իր չորս մասնաճիւղերով Սօսէ, Արաքս, Արազ եւ Նայիրի, սրտի խոր կսկիծով եւ յուզմունքով կը գուժէ մահը, Մէլպուրնաբնակ
ՀՕՄ-ի բարերար Օրդ. Սրբուհի Սոնիա Մատթէոսեանի, որ պատահեցաւ 29 Ապրիլ, 2024-ի առաւօտեան:
Հանգուցեալներ Սրբուհի Սոնիա Մատթէոսեան եւ իր եղբայրը Տէր եւ Տիկին Յարութիւն եւ Ծովինար Մատթէոսեանները, տարիներու ընթացքին իրենց իշխանական նուիրատուութիւններով դարձած են գլխաւոր բարերարները Ախուրեանի ՀՕՄ-ի «Մօր ու Մանկան» Առողջապահական Կեդրոնին ու Ծննդատան, կառոյց մը որ կը խորհրդանշէ յոյս, ծնունդ եւ կեանք: Թեէւ կեանքի ընթացքին իր սեփական զաւակները չունեցած սակայն հանգուցեալ Սրբուհի Սոնիա Մատթէոսեանը երկար ժամանակ իր մեծ ներդրումը ունենալով ՀՕՄի Որբախնամ Ծրագրին երաշխաւորած է իր ազգի զաւակներէն շատեր:
Մայիս 2018-ին, Աւստրալիոյ ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը պարգեւատրած է Օրդ Մատթէոսեանը Շրջանային վարչութեան բարձրագոյն գնահատագրով եւ ոսկէ թանկարժէք շքանշանով առ ի երախտագիտութիւն Մատթէոսեան ընտանիքի բարերարութեան ՀՕՄ-ի զանազան ծրագիրներուն:
Աւստրալիոյ ՀՕՄի մեծ ընտանիքի անունով մեր խորին վշտակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի պարագաներուն եւ բարեկամներուն, ինչպէս նաեւ Մէլպուրնի հայ համայնքին իրենց կրած այս մեծ կորուստին համար:
Հանգուցեալի յիշատակը յաւէտ անթառամ պիտի մնայ ՀՕՄի ոսկեզօծ յուշամատեանին մէջ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի
Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւն
ԳՈՅԺ
Երկուշաբթի 29 Ապրիլ 2024-ին իր մահկանացուն կնքեց Մելպունի ազգային բարերար, Հայ մշակոյթին եւ դպրութեան անվերապահ զօրակից
Օրիորդ Սրբուհի Սոնիա Մատթէոսեանը
Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւնը եւ բոլոր մասնաճիւղերն ու յանձնախումբերը խոր ցաւով կը սգան Օրիորդ Մատթէոսեանի անվերադարձ կորուստը:
Հանգուցեալ Օրդ Մատթէոսեան, իր եղբօր եւ տիկնոջ Յարութիւն եւ Ծովինար Մատթէոսեանի կողքին, գիտակցելով մեծցող Հայ սերունդներուն հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան, իշխանական նուիրատուութիւն կատարեց Մելպուրնի Համազգայինի Կոմիտաս մասնաճիւղի հովանիին տակ գործող Մեսրոպ Մաշտոց շաբաթօրեայ վարժարանին, որը վերանուանուեցաւ
Համազգայինի Մեսրոպ Մաշտոց Մատթէոսեան Վարժարան
Իրենց նիւթաբարոյական անվերապահ աջակցութեան համար, 2013-ին, Յարութիւն, Ծովինար եւ Սոնիա Մատթէոսեաններ արժանացան Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Շքանշանին:
Խունկ ու աղօթք Օրիորդ Մատթէոսեանի անմար յիշատակին:
Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն