By ARF AU | Tuesday, 05 November 2024
13 Հոկտեմբերը յիշատակելի օր պիտի մնայ Աւստրալահայ գաղութին համար ընդհանրապէս եւ ՀՅԴ-ի կառոյցին եւ իր ուղեկից միութեանց ու համակիր անդամներուն համար՝ մասնաւորապէս:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Ուղեկից Միութեանց Վարչութեանց հետ համախորհուրդ Համազգային Գօլստըն Ճեմարանի շրջափակին մէջ զետեղուեցաւ Արցախի խորհրդանիշ Մենք ենք մեր սարերը (Տատիկ եւ Պապիկ) յուշարձանի կրկնօրինակը: Քօղազերծման արարողութիւնը կատարուեցաւ Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Նաճարեան Առաջնորդ Սրբազան հօր, Հյդ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ընկ յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Աւստրալիոյ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ընկ Ներսէս Պալիօզեանի կողմէ:
Այս արարողութենէն ետք Նալպանտեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԱՒստրալիոյ կառոյցին 60-ամեակին նշումը: ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի շքեղ մուտքէն ետք հնչեցին Աւստրալիոյ, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգները:
Հանդիսավարուհի Ընկերուհի Վարդի Համամճեան մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեց ներկաները ի յիշատակ բոլոր այն նուիրեալ կուսակցական ընկերներուն, որոնք իրենց կեանքը ի սպաս դրին Աւստրալիոյ գաղութին բարգաւաճման: Ան վեր առաւ ՀՅԴ-ի պայքարելու ոգին որ փոխանցուած է սերունդէ սերունդ:
Գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմեցին ՀՅԴ Պատանեկան եւ Երիտասարդական միութեանց պատանիներ եւ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ Գօլստըն Ճեմարանի բազմանդամ երգչախումբերը, Համազգայինի Սիտնի Պարի Անսամբլէն պարողներ եւ Համազգայինի «Նայիրի» երգչախումբե: Ելոյթներուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէր Արցախը, հիմնական պատգամն էր՝ Արցախը կորսուած չէ եւ պիտի վերադառնայ շնորհիւ յանձնառու երիտասարդութեան պայքարին:
Տօնակատարութեան ընթացքին երիտասարդական պատգամը Հայերէն լեզուով փոխանցեց ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամ ընկեր Արեկ Գրիգորեան իսկ անգլերէն լեզուով ՀՄԸՄի խմբապետներեն եղբայր Արի Սիմոնեան:
Կարդացուեցաւ ՀՅԴի պայքարակից Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան շնորհաւորագիրը, ուր Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմինը կը մաղթէր փոխըմբռնումի եւ փոխգործակցութեան ոգիով շարունակել ՀՅԴ եւ ՍԴՀԿ յառաջընթացը:
Իր պատգամը տուաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Իր խօսքին մէջ ան յայտնեց որ 1980-ական թուականներու վերջերէն մինչեւ 2020 Սեպտեմբեր հայութիւնը ունէր անխոցելիութեան զգացում որովհետեւ յաղթանակած ժողովուրդ էր: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնն ալ ամրապնդուած էր: Եւ ասոր հասնելու համար ՀՅԴ-ն դերակատար եղած էր եւ կատարած մեծ զոհողութիւններ: « Համոզումի էր վերածուած այն կարգախօսը որ յանձնառու սփիւռքը լաւագոյն գրաւականն է հզօր հայրենիքի: Աղէտներու եւ կորուստներու հարիւրամեակէ ետք պայծառ դարաշրջան մը բացուած կը թուէր ըլլալ հայութեան առջեւ»: Ընկեր Յակոբ յայտնեց որ տարակարծութիւնները մէկդի դրած 2020-ի պատերազմին ՀՅԴ-ն նուիրուեցաւ հայութեան յաղթանակ ապահովելու գործին հետեւեալ ուղղութիւններով.
Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին տրամադրել կռուող մարդուժ:
Ստեղծել քաղաքական համաշխարհային զօրաշարժ:
Կատարել համաշխարհային քարոզչական պայքար:
Նիւթական կռուաններ ապահովել պատերազմին յաջող ելքին համար:
Պարտութենէն ետք, Հայաստանի պետութեան շարունակուող զիջումի քաղաքականութիւնը բնականաբար ժողովրդային ցասում պիտի ստեղծէր, ՀՅԴ-ն իր գործընկերներով ընդդիմադիր էր եւ է: Սկսան կազմակերպուիլ ժողովրդային հաւաքներ, որոնք սակայն չհասան այն թիւերուն որ կարելի ըլլար վար բերել Փաշինեանի կառավարութիւնը:
Գալով Հայրենիքի առաջ ցցուած մարտահրաւէրներուն, Ընկեր Տէր Խաչատուրեան հինգ կէտերով անդրադարձաւ անոնց եւ բացայայտեց ՀՅԴ-ի դիրքորոշումը.
Ա) Արցախ .- ՀՅԴի պահանջն է եւ պիտի պայքարի ի նպաստ Արցախահայութեան տուն վերադարձին եւ Հայաստանի Արցախահայութեան իրաւունքներուն տէր կանգնելուն: ՀՅԴ կը պահանջէ Պաքուի բանտերուն մէջ բոլոր բանտարկեալներու արձակումը, իր բոլոր միջոցները ի գործ կը դնէ կասեցնելու Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը:
Բ) Սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթաց .- ՀՅԴ Հայաստանի պետութենէն կը պահանջէ իր գերիշխանութենէն ոչ մէկ զիջում: Մերժում Զանգեզուրեան Միջանցքի հաստատման մեր թշնամիներուն եւ այլոց պահանջին:
Գ) Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կծիկ եւ խաղաղութեան կեղծ օրակարգ .- Հայաստան-Թուրքիա սահմանը Թուրքիան է գոցած: Զայն պէտք է բանայ առանց որեւէ նախապայմանի: ՀՀ կողմէ որեւէ զիջում կամ նախապայման ընդունելի չէ:
Դ) Թրքական եւ Ազրպէյճանական հակահայ գրոհ .- Քարոզչական մեծ պայքար կայ թշնամի երկիրներէն Հայաստանի դէմ: Թիրախ է Հայաստանի գերիշխանութիւնը եւ թշնամին որոշած է Հայը դարձնել անհայրենիք: ՀՅԴ դէմ պիտի դնէ այս ծրագրին իրականացման:
Ե) Ազգային արժէքներ .- «ՀՀ Իշխանութիւնները հարուածի տակ առած են ազգային արժէքները, ազգ-բանակ հասկացողութիւնը, հայեցի դաստիարակութիւնը, Ազգային Գիտութիւններու Ակադեմիան, ՀՅԴն եւ հայ եկեղեցին: Ժողովուրդը ազգային գաղափարախօսութենէն հեռացնելով փորձ կը կատարուի անգոյն ու անձեւ զանգուածի վերածելու հայրենի նոր սերունդը: ՀՅԴ ամէն գնով կը պայքարի այս ապազգային ծրագիրներուն դէմ: Նաեւ պիտի պայքարի փակելու համար հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ բացուած խրամատը»:
Տէր Խաչատուրեան հետեւեալ խօսքերով եզրափակեց իր ելոյթը՝ «Այսօր հայրենիքի եւ Սփիւռքի ազգային գաղափարախօսութեամբ համակուած ոյժերը վճռած են պաշտպանել հայրենի պետականութիւնը, Արցախի պետական կառոյցը, ազգային արժէքները եւ համազգային շահերը: Համոզուած ենք, որ 2020ի պարտութիւնը լոկ ճակատամարտի կորուստ է եւ ոչ` պատերազմի աւարտ: Ազգային ազատագրական պայքարը կը շարունակուի: Ժամանակաւոր պարտութիւններու էջը փակած ենք եւ վերանորոգ թափով շարունակելու ենք ազգային ազատագրական պայքարը մինչեւ յաղթանակ»:
ՀԵտւեալ բառերով իր խօսքը սկսաւ Աւստրալիոյ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Ներսէս Պալիօզեան, որպէս յարգանքի տուրք ՀՅԴ կառոյցի հիմնադիրներուն «60 տարիներ առաջ, 12 երիտասարդներ ծառի մը տակ հիմը դրին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցին: Ոչ փառք, ոչ ծափ եւ ոչ ալ դափնիներ ակնկալելով, այլ ընդհակառակը համեստութեամբ ու խոնարհութեամբ, հաւատարիմ իրենց երդումին, գերադասելով հաւաքականին շահը, կեանքի կոչեցին այն կազմակերպութիւնը որ 60 տարիներ շարունակ անխոնջ նուիրումով կը շարունակէ ծառայել Աւստրալահայ գաղութին, մեր ազգին եւ Հայրենիքին» Ապա շարունակելով՝ «60 տարիներ առաջ սերմանուած հունտերը տուին իրենց պտուղները.
Համազգայինը իր ամէնօրեայ եւ միօրեայ դպրոցներով, պարախումբերով, արուեստագէտներու խումբերով, երգչախումբերով ու թատերախումբերով,
ՀՄԸՄը իր սկաուտական ու մարզական խումբերով,
ՀՕՄը իր բարեսիրական ու ամէնուրեք Հայուն հասնելու առաքելութեամբ,
Դաշնակցականակերտման դարբնոց ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւնները, որոնց մէջ կը թրծուին ու կը պատրաստուին պահանջատէր սերունդներ,
Հայ Դատի գրասենեակը իր զինուրագրեալ փաղանգներով,
Արմենիան ու Մամուլը իր զանազան լրատուամիջոցներով:
Անհնար է երեւակայել մեր գաղութը առանց վերոյիշեալ պտուղներուն, որոնք հայպահպանման եւ ազգապահպանման համար Դաշնակցութեան կողմէ Աւստրալահայ գաղութին տրուած պարգեւներ էին»:
Ընկեր Պալիօզեան անդրադառնալով Հայութեան այսօրուան մարտահրաւէրներուն հարց տուաւ. «Հիասթափուա՞ծ ենք՝ ԱՅՈ: Սակայն ՈՉ յուսալքուած: Չենք կրնար ըլլալ»: Ան պատգամեց որ մարտահրաւէրներու յաղթահարման կրնանք հասնիլ Քրիստափորեան կամքով եւ անտարբեր չմնալով:
Ընկեր ներսէս անդրադարձաւ Հայ դատի յանձնախումբերու տարած քաղաքական եւ ջատագովական տարիներու լայնածաւալ աշխատանքին, սերունդ պատրաստող երիտասարդական եւ պատանեկան միութեանց աշխատանքին ուր կը պատրաստուին վաղուան դաշնակցական գաղափարական ղեկավարները:
Ինչ կը վերաբերի ուղեկից միութեանց՝ Ընկեր Ներսէսի բառերով՝ «..անոնք առանց ընկրկումի վեց տասնամեակ շարունակ եղած են Դաշնակցութեան կողքին՝ Ծնողք - Զաւակ յարաբերութեան դրսեւորումով: Յարաբերութիւն մը, որուն մէջ պիտի տեսնենք գուրգուրանք, սէր, ըմբոստութիւն եւ համերաշխութիւն: Ահաւասիկ մեր համագործակցութեան եւ հաւաքական աշխատանքի գաղտնիքն ու բանալին»: Ապա ան դրուատանքով արտայայտուեցաւ ՀՕՄ-ի տարած բարեսիրական հսկայ աշխատանքին յօգուտ Հայրենիքին, Արցախին, Մերձաւոր Արեւելքի մեր Հայ եղբայրներուն ու քոյրերուն, Համազգայինի տարած մշակութային եւ կրթական գործունէութեան, անոր դպրոցներու ցանցերուն Հայ սերունդներուն տալու համար հայեցի դաստիարակութիւն, պարախումբերուն, թատերախումբերուն եւ երգչախումբերուն: Անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի տարած մարմնամարզական եւ դաստիարակչական բազմաբնոյթ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Արմենիա Մետիայի լրատուական եւ Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու կեդրոնին տարած դժուարին բայց անհրաժեշտ աշխատանքներուն:
Ընկեր Ներսէս իր խօսքը եզրափակեց Դաշնակցութեան Բիւրոյի մէջ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող Ընկեր Հրաչ Տասնապետեանի հետեւեալ խօսքերով. «Լոկ պատմական երեւոյթ չէ Դաշնակցութիւնը: Անիկա, հոգեբանական եւ գաղափարախօսական տեսակէտէ, ամէնէն հարազատ արտայայտութիւնն է յաւերժական հայութեան հոգեբնախօսական կառոյցին: Ան իր մէջ կը մարմնաւորէ այդ կառոյցին ամէնէն հիմնական յատկանիշները,- ազատութեան պաշտամունք, հոգեկան արիութիւն, ազգային հպարտութիւն:»
Բեմ հրաւիրուեցաւ Սրբազան հայրը կատարելու համար փակման խօսք եւ փակման աղօթքը: Սրբազանը իր յարգանքի տուրքը տուաւ 60 տարի առաջ ՀՅԴ կառոյցի հիմնադիրներուն, որոնք յաջողեցան իրենց տեսիլքը իրականացնել մեծ աշխատանքով: Սրբազանը դրուատանքով արտայայտուեցաւ ՀՅԴ Երրորդութեան ունեցած երազին զոր իրականացուցին այդ օրուան միջոցներով: Ան հրամայական համարեց հայութեան շահերու ապահովման համար նոր միջոցներ որոնել եւ երիտասարդութիւնը կազմակերպել, որուն մէջ ՀՅԴն մեծ փորձ ունի: Այսօրուան մեծաթիւ երիտասարդներու անտարբերութիւնը նկատի առնելով Սրբազան հայրը վստահութիւն յայտնեց որ ՀՅԴ-ն կազմակերպութիւն մըն է որ կրնայ իր շուրջ համախմբել երիտասարդութիւնը: Ան Դաշնակցութեան եւ իր ուղեկից միութիւններուն մաղթեց երկար տարիներու բեղուն գործունէութիւն ի սպաս Հայրենիքին, ազգին եւ մեր արժէքներուն եւ «Բարի երթ Դաշնակցութիւն» ով եզրափակեց իր խօսքը:
Սրբազան հօր, Վերապատուելի Գրիգոր Եումուշաքեանի, Տէր Աւետիս Համբարձումեանի եւ Տէր Միւռոն Աւետիսեանի աղօթքով փակուեցաւ յոբելենական հանդիսութիւնը:
Նկարները դիտելու համար այցելցէք հետեւեալ կայքէջը:
comments