ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Սասունի հայերու ընկերային օժանդակութեան եւ մշակոյթի միութիւնը կը պատրաստուի դիմելու Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեան, վիճարկելու համար Թուրքիոյ մէջ հիմնադրամ ստեղծելու իրենց առաջարկներուն մերժումը:
«Firat» լրատու գործակալութեան հաղորդումով, Սասունի հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը նշած է, թէ կազմակերպութիւնը տարիներէ ի վեր կը պայքարի, որպէսզի միութիւնը վերածուի հիմնադրամի մը: Ան յիշեցուցած է, թէ միութեան հիմնադիր վեց անդամները երկու տարի առաջ դիմած են Պոլսոյ քաղաքացիական գործերով զբաղող դատարան՝ հայ համայնքի անունով ստեղծելու համար նման հիմնադրամ մը, սակայն դիմումը մերժուած է:
Սասունի հայերուն դիմումը մերժուած է նաեւ վճռաբեկ դատարանին կողմէ, որմէ ետք որոշում տրուած է դիմել Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեան:
Ներկայիս Թուրքիոյ տարածքէն ներս գտնուող Պիթլիս, Վան եւ Մուշ շրջաններուն մէջ ապրող հայերը իրեն մէջ ընդգրկած միութիւնը նպատակ ունի վերականգնել այդ հայերուն ազգային, մշակութային, լեզուական եւ կրօնական ինքնութիւնը: