By Asbarez | Monday, 05 October 2009
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ (<<Արմենիա>> թերթ).- Շաբաթ, 3 Հոկտեմբերի ժամը 19ին, աւելի քան 1.000 հայրենակիցներ հաւաքուեցան Հայկական Ցեղասպանութեան Զոհերուն նուիրուած յուշարձանին առջեւ, Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ, բողոքելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուելիք Փրոթոքոլներուն համար։ Իրենց կարգին, Պէրիսոյի Հայկական Համայնքը եւ Գորտոպայի Երիտասարդութիւնն ու Հայկական Համայնքը աջակցութեան յայտարարութիւններ ուղարկեցին։
Համայնքի տարբեր կազմակերպութիւններէն տասնըերկու անձնաւորութիւններ արտայայտեցին իրենց քննադատութիւնը այսպէս կոչուած <<ֆութպոլային դիւանագիտութեան>> ժխտական հետեւանքներուն։ Լրագրողներ, պատմաբաններ, ուսուցիչներ, արուեստագէտներ, հոգեբոյժեր, իրաւաբաններ եւ գրողներ, կազմակերպական նեկայացուցիչներուն կողքին, որոնք ընկերակցեցան խանդավառ երիտասարդութեան մը կողմէ։ Միաձայն պահանջքը եղաւ որ Հայաստանը չի ստորագրէ, կամ ալ բարելաւէ, Թուրքիոյ եւ իր դաշնակիցներուն կողմէ պարտադրուած նախապայմանները։
Տոքթ. Կրէկորիօ Հայրապետեան յայտնեց, ի միջի այլոց, թէ ինչ որ ալ ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան ճամբան, Սփիւռքը պիտի շարունակէ իր պահանջքը մինչեւ որ կարենայ Անգարան ներկայացնել դատական ատեաններուն առջեւ։ Տոքթ. Ասպետ Արեան հիմնական նկատեց համայնքներուն հզօրացումը։ Փրոֆ.ա Ռոսիթա Եուսուֆեան հիմնական տեղեկութիւնները ներկայացուց, հաստատելով փանթուրքիզմի վտանգը։ Տոքթ. Փասքուալ Օհանեանը, Հայաստանի Գիտական Աքատեմիոյ Հոնորիս Գաուսա անդամ, շեշտեց նոր սերունդներու արժէքն ու հաւատարմութիւնը։
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան յայտարարեց թէ, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան դիմաց, սկսած է ծնունդ առնել խորին շարժում մը, եւ բոլոր շրջանակներուն միասնականութեան հրաւիրեց։ Աւետիք Իզմիրլեան, որ անձնական պատճառներով Պուէնոս Այրէս կը գտնուէր, Գալիֆորնիոյ հայրենակիցներուն գիտակից շունչը փոխանցեց։ Բեմին կողքին կը գտնուէր քարտէզ մը, Հաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեանց ներկայ եւ անցեալի (1918-1920) սահմաններով։
Արդար Հայ Դատի նկատմամբ հետաքրքրուող հայորդիներուն տեղեկացնելու եւ լուսաբանելու միտումով, Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ www.ian.cc ներկայացուցած են բոլորովին երիտասարդական կայքէջ մը, որուն անունն է www.todosxarmenia.com.ar, համայնքին տեղեկութիւններ հասցնելու համար։
comments
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian