By Asbarez | Saturday, 18 December 2021
ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 23 Փետրուար 2022ին կ՛աւարտի Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի պաշտօնավարման ժամկէտը: Իշխող ուժը այդ պաշտօնին համար նոր թեկնածու ունի` արդարադատութեան գործող փոխնախարար, նախապէս առաջին փոխվարչապետ, ապա Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի խորհրդական Քրիստինէ Գրիգորեանը:
Թէեւ քանի մը շրջանի համար Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի վերընտրութիւնը արգիլող օրէնք գոյութիւն չունի, սակայն իշխանութիւնը այդ պաշտօնին նոր անձ ընտրելու աշխատանքի ձեռնարկած է, նաեւ տարբեր հարթակներու վրայ արտայայտութիւններ ունեցած ներկայիս Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Թաթոյեանին մասին։
Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը պատասխան յայտարարութեամբ մը դիտել տուաւ, որ այդ պաշտօնին վրայ մինչեւ հիմա իր պաշտօնավարութիւնը ոչ թէ ոեւէ մէկուն կամ որեւէ քաղաքական ուժի ձեռքբերումն է կամ բարի կամքի դրսեւորում, այլ իր հաստատակամութիւնը եւ հաւատարմութիւնը՝ տուած երդումին։
«Ստիպուած եմ արձագանգել արդէն տեւական ժամանակ Ազգային ժողովի կառավարող խմբակցութեան մի շարք պատգամաւորների կողմից տարբեր հրապարակային հարցազրոյցներով ու ելոյթներով արուող պնդումների, որոնցով փորձ է արւում տպաւորութիւն ստեղծել կամ ցոյց տալ, թէ մինչեւ հիմա իմ պաշտօնավարումն իրենց «հանդուրժողականութեան» արդիւնքն է: Աւելին, նշւում է, թէ կառավարող խմբակցութիւնը երբեւէ գնահատական չի տուել Մարդու իրաւունքների պաշտպանի գործունէութեանը` ներկայացնելով դա որպէս ձեռքբերում: Պատասխանատու յայտարարում եմ, որ նման պնդումներն իրականութեանը չեն համապատասխանում: Մարդու իրաւունքների պաշտպանի պաշտօնում իմ պաշտօնավարման ընթացքում` յատկապէս պատերազմից յետոյ, եղել են օրէնքով արգելուած ներգործութեան ամենատարբեր ձեւերը` սկսած հրապարակային աշխատանքը յետ-պատերազմեան հարցերով դադարեցնելու կամ այն էականօրէն նուազեցնելու բարձրաստիճան մի շարք պաշտօնեաների կողմից ներկայացուած պահանջներից մինչեւ Մարդու իրաւունքների պաշտպանի աշխատակազմի մեքենաները մեր հնարաւորութիւնները թուլացնելու նպատակով կառավարութեան որոշմամբ վերցնելը, ֆինանսական անկախութիւնը վերացնելուն ուղղուած հետեւողական փորձերը ու պաշտպանի դէմ, կատարուող աշխատանքը վարկաբեկող կազմակերպուած արշաւներ, այդ թւում` գործադիր եւ օրէնսդիր մարմինների բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց մասնակցութեամբ: Անկախ դժուարութիւններից` ես երբեւէ չեմ ներկայացել եւ չեմ պատրաստւում ներկայանալ զոհի կարգավիճակով եւ կատարել եմ բացառապէս իրաւապաշտպան աշխատանք` ապաքաղաքական ու անկողմնակալ սկզբունքներով», յայտարարեց Թաթոյեան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ