Սկսան Flyone Armeniaի Երեւան-Լիոն-Երեւան Կանոնաւոր Թռիչքները

By Asbarez | Friday, 07 January 2022



«Flyone Armenia» օդանաւային ընկերութիւնը 18 Դեկտեմբերին սկսաւ Երեւան-Լիոն-Երեւան կանոնաւոր թռիչքները, Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն դէպի Լիոնի «Սենթ Էկզիւփերի» օդակայանը, շաբաթը երկու անգամ յաճախականութեամբ՝ Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ օրերը: Բոլորին մատչելի գիները կը սկսին 44 եուրոյէն, կամ Flyone Club-ի անդամներուն համար՝ 39 եուրոյէն:

18 Դեկտեմբերին «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ անդրանիկ թռիչքի արարողութիւնը, որուն ընթացքին «Flyone Armenia» օդանաւային ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեան հատեց խորհրդանշական ժապաւէնը՝ ազդարարելով դէպի եւրոպական երկիրներ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուող կանոնաւոր թռիչքներու սկիզբը:

comments