By Asbarez | Friday, 07 January 2022
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 19 Դեկտեմբերին, Հայաստան վերադարձան 16 Նոյեմբերի մարտերուն Ատրպէյճանի կողմէ գերի տարուած տասը հայ զինուորները՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ, որուն առաջնորդութեամբ ալ 14 Դեկտեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած էր Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ հանդիպումը:
Շարլ Միշել «Թուիթըր»ի վրայ գրառում կատարելով՝ ողջունեց 10 հայ պատերազմական գերիներու վերադարձը հայրենիք: «Մենք ջերմօրէն կ՛ողջունենք Պաքուի կողմէ 10 հայ արգելափակեալներու ազատ արձակումը Ատրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հետ քննարկումներէն ետք: Կարեւոր մարդասիրական ժեսթ մը՝ որ ցոյց կու տայ վստահութիւնը ամրապնդելու փոխադարձ կամքը, ինչպէս որ քննարկուած էր Պրիւքսէլի մէջ: Եւրոպական Միութիւնը դիւրացուց (գերիներու) տեղափոխումը Երեւան», գրած է Միշել:
Հարաւային Կովկասի մէջ եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար իր կարգին, անդրադառնալով Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ 10 հայ պատերազմական գերիներու հայրենիք վերադարձին՝ «Թուիթըր»ի վրայ գրած է հետեւեալը. «Ուրախ եմ, որ կրցայ հայրենիք վերադարձնել 10 հայ զինուորներ. Ատրպէյճանի կողմէ մարդասիրական խնդիրներու լուծման հոլովոյթին մէջ կարեւոր ժեսթ: Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ երկու երկիրներուն հետ աշխատիլ՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին, Ատրպէյճանի նախագահին եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ յաջող հանդիպումներուն վրայ հիմնուելով յառաջ շարժելու համար»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ