By Asbarez | Friday, 07 January 2022
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 19 Դեկտեմբերին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցած «Մանկական Եուրոտեսիլ 2021» երգի միջազգային մրցումին յաղթանակ ապահովեց Հայաստանի ներկայացուցիչ Մալենան՝ «Քամի-քամի» երգով:
Մրցումին մասնակցեցան ներկայացուցիչները 19 երկիրներու՝ Գերմանիա, Վրաստան, Լեհաստան, Մալթա, Իտալիա, Պուլկարիա, Ռուսիա, Իրլանտա, Հայաստան, Ղազախստան, Ալպանիա, Ուքրանիա, Ֆրանսա, Ատրպէյճան, Նետերլանտներ, Սպանիա, Սերպիա, Հիւսիսային Մակեդոնիա եւ Փորթուգալ:
Դատական կազմի քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստան 10ական կէտեր ստացաւ Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Սպանիայէն, 5ական կէտեր՝ Վրաստանէն, Մալթայէն, 12 կէտեր՝ Լեհաստանէն, Փորթուգալէն, 2ական կէտեր՝ Պուլկարիայէն, Հիւսիսային Մակեդոնիայէն, 6ական կէտեր՝ Ռուսիայէն, Ղազախստանէն, Ալպանիայէն, 7ական կէտեր՝ Իրլանտայէն, Ուքրանիայէն, Նետերլանտներէն, 8 կէտեր՝ Սերպիայէն:
Հայաստան իր 12 կէտերը տուաւ Վրաստանի մասնակցողին:
Դիտողներու քուէարկութեան հիման վռայ, Մալենան ստացաւ 109 կէտեր:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ