By Asbarez | Friday, 07 January 2022
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 19 Դեկտեմբերին՝ Հրայր Մարուխեանի ծննդեան օրը, դաշնակցականները յարգանքի տուրք մատուցեցին անոր յիշատակին: Հրայր Մարուխեան ՀՅԴի անդամ էր 1950էն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ՝ 1963էն:
ՀՅԴի անդամ Բագրատ Եսայեան, «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Հրայր Մարուխեան ՀՅԴի եւ Սփիւռքի ազգային կառոյցներու կարողականութիւնը ուղղորդեց դէպի արցախեան hարցը, եւ արցախեան ազատամարտին ընթացքին թէ՛ նիւթական եւ թէ ռազմական միջոցներով կը կազմակերպէր Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դաշնակցական խումբերու զինումը:
«Մինչեւ Հայաստանի անկախանալը ընկեր Հրայրը մեծագոյն դերակատարութիւնն է ունեցել Սփիւռքի հասարակական-քաղաքական կեանքում՝ լինելով ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ ներկայացուցիչ 1990ական թուականներից մինչեւ իր կեանքի վերջը: Նա հիմնադիրն է եղել թէ՛ հայկական նորօրեայ զինեալ պայքարի՝ 70ական թուականներին: Դրանից յետոյ շատ բնական է, որ երբ Խորհրդային Հայաստանում ազգային զարթօնքը սկսուեց, ընկեր Հրայրը պէտք է լինէր այն ղեկավարը, որն անմիջապէս արձագանգեց եւ 1988ին հրաւիրուած Ընդհանուր ժողովում հնչեց Դաշնակցութեան կոչը, որն էր՝ «Դէպի Երկիր», եւ դրանից յետոյ Դաշնակցութիւնը սկսեց իր կազմակերպական վերընձիւղումը հայրենիքում», ըսաւ Բագրատ Եսայեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ