Հայաստան Եւ Եգիպտոս Զբօսաշրջութեան Զարկ Տալու Քայլերու Կը Ձեռնարկեն

By Asbarez | Tuesday, 11 January 2022



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 30 Դեկտեմբեր 2021էն մինչեւ 6 Յունուար 2022 ճանաչողական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուին եգիպտական զբօսաշրջութեան 60 գործարարներ:

Այս ծիրին մէջ «Զբօսաշրջութեան հայկական ֆետերասիոն»ը, Հայ-եգիպտական գործարարներու միութիւնը եւ Միջազգային գործարար կապերու աջակցութեան խորհուրդը 5 Յունուարին կնքեցին համագործակցութեան յուշագիր մը: Այս առիթով տեղի ունեցած հանդիպումին քննարկուեցան համագործակցութեան աշխուժացման կարեւորութիւնը․ գործարարները շեշտեցին Եգիպտոսի քաղաքացիներուն համար Հայաստան մուտքի վիզայի գործընթացի դիւրացման անհրաժեշտութեան վրայ:

Ըստ Զբօսաշրջութեան դածնակցութեան նախագահ Մեխակ Ապրեսեանի` յուշագիրին նպատակն էր ամրապնդել եւ նոր մակարդակի բարձրացնել զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ հայ-եգիպտական համագործակցութիւնը:

Միջազգային գործարար կապերու աջակցութեան խորհուրդի նախագահ Մարիամ Մանուկեան կարեւոր նկատեց արտագնայ զբօսաշրջութեան զարգացումը: Ան յայտնեց, որ բանակցութիւններուն ընթացքին ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն՝ դիւրացնելու Եգիպտոսի քաղաքացիներուն մուտքը Հայաստան:

Հայ-եգիպտական գործարարներու միութեան նախագահ Էդուարդ Մանուկեան վստահեցուց, որ Եգիպտոսի քաղաքացիներուն համար Հայաստան այցելելու մուտքի վիզա ստանալու գործընթացը դիւրացնելու կարելիութիւններ պիտի ստեղծուին 2-3 ամիսէն։

comments