Վաղարշակ Յարութիւնեան, Ռուսիոյ Մօտ Հայաստանի Դեսպան

By Asbarez | Tuesday, 11 January 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Վաղարշակ Յարութիւնեան նշանակուեցաւ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան: Նախագահի հրամանագիրը հրապարակուեցաւ նախագահականի պաշտօնական կայքին վրայ:

Մէկ այլ հրամանագիրով, Վարդան Տողանեան յետս կոչուեցաւ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնէն:

Վաղարշակ Յարութիւնեան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն հրաժարական տուած էր Յուլիսին: Մինչ այդ, ան վարչապետի խորհրդականն էր:

comments