Հ. Յակոբեան Կը Հրապարակէ Սփիւռքը Ներառող Երկպալատ Խորհրդարան Ստեղծելու Նախագահի Ծրագիրը

By Asbarez | Tuesday, 01 February 2011

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կիրակի, 30 Յունուարին, պաշտօնական աշխատանքային այցով Լոս Անճելըս գտնուող Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, իրեն ի պատիւ «Արբատ» ճաշարանին մէջ կայացած ընդունելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մտադիր է երկրի սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու առաջարկութիւն մը մշակել՝ հնարաւոր դարձնելու համար խորհրդարանը երկպալատ վերածելը:

Երկպալատ խորհրդարանի վերին պալատի կազմին մէջ պիտի ներառուին նաեւ Սփիւռքի ներկայացուցիչներ, յայտարարեց նախարարը՝ ոգեւորելով ընդունելութեան հրաւիրուած Լոս Անճելըսի համայնքի ներկայացուցիչները:

«Հանրապետութեան նախագահը, քննարկելով խնդիրը՝ եկել է եզրակացութեան, եւ անում է առաջարկութիւն, որ այո՛, պէտք է Հայաստանի պետական կառավարման համակարգում լինեն որոշակի փոփոխութիւններ, որոնք կարող են սփիւռքահայերին հնարաւորութիւն տալ մասնակցելու պետական կառավարմանը: Պատահական չէ, որ այսօր մենք ուզում ենք փոխել Հայաստանի հանրապետութեան սահմանադրութիւնը, մեր պառլամենտը (խորհրդարանը-Խմբ.) դարձնել երկպալատանի, առաջին պալատ՝ ներքին պալատ, եւ վերին պալատ: Վերին պալատը դա սենատն է, որտեղ պէտք է ընդգրկուեն նաեւ սփիւռքահայեր: Ես այսօր տեսայ, մեր քալիֆորնիահայ համայնքի ոգեւորութիւնը սենատի ստեղծման գաղափարի շուրջ», յայտարարեց նախարարը:

«Առաջին քայլը նախագահի կողմից այն էր, որ ստեղծուեց սփիւռքի նախարարութիւն, նախարարութեան ստեղծումով մշակուեց լուրջ քաղաքականութիւն Սփիւռք-հայրենիք կապերի նկատմամբ, երկրորդը՝ ներդրուեց երկքաղաքացիութիւն ինստիտուտը, երրորդը, փաստօրէն երրորդ քայլն ենք անում՝ ստեղծելով Վերին պալատ, որով սփիւռքահայը իր ձայնը, խօսքը կ՛ունենայ պետական կառավարման, քաղաքականութեան մշակման եւ պետական իշխանութեան գործում», յայտնեց նախարարը:

Նախագահի մամլոյ խօսնակ Արմէն Արզումանեան, անդրադառնալով նախարար Յակոբեանի հրապարակած լուրին՝ «Փանորամա»ի թղթակիցին յայտնած է, թէ 2010ի Մայիսին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին քննարկուած էր Հայաստան-Սփիւռք կապերու ընդլայնման ուղիներ գտնելու հարցը եւ առաջարկուած էր խորհուրդի անդամներուն, մէկ տարի ետք գաղափարներ ներկայացնել այդ առնչութեամբ:

«Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը պատասխանատու քայլ է ու նախատեսում է բարդ եւ երկարատեւ ընթացակարգ: Նման որոշում կայացնելու համար, բնականաբար պէտք է տեղի ունենան հանրային քննարկումներ եւ մասնագիտական մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւններ», ընդգծած է մամլոյ խօսնակը:

Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանին կողմէ սփիւռքի նախարարին ի պատիւ կազմակերպուած Կիրակի երեկոյեան ընդունելութեան ընթացքին, նախարար Յակոբեան յատուկ շքանշանով պարգեւատրեց ազգային բարերար, սփիւռքի նախարարութեան կից ատեանի անդամ Վահէ Կարապետեանը:

Հ. Յակոբեան նոյն երեկոյին, ներկաներուն փոխանցեց սփիւռքի նախարարութեան երկամեայ գործունէութեան մասին ամփոփ զեկուցում մը, ինչպէս նաեւ շարք մը ձեռնարկներ, որոնց իրագործման համար ան ընդգծեց համայնքին աջակցութեան ու մասնակցութեան կարեւորութիւնը:

comments