Ալիեւ Հիմա Մզկիթներ Քանդելու Յանցանքով Կամբաստանէ Հայաստանը

By Asbarez | Thursday, 28 November 2019

1130aliyev_baku_university

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, ելոյթ ունենալով Պաքուի համալսարանի 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկին, Նոյեմբեր 27ին անգամ մը եւս յիշած է Գարեգին Նժդեհը եւ Հայաստանը անուանած է «ֆաշական» երկիր, ուր «երեխաներուն կը սովորեցնեն իսլամներուն ատել»:

Ալիեւ նաեւ կոչ ըրած է Ատրպէյճանի ուսուցիչներուն, որ «ճիշդ կերպով կրթեն երիտասարդութիւնը», որպէսզի անոնք յեղափոխական շարժումներուն թիրախ չդառնան, պնդելով, որ պէտք չէ հաւատալ դուրսէն կատարուած յայտարարութիւններուն, թէ անոնք կ՛ուզեն օգնել Ատրպէյճանին: Ան պնդած է, թէ արտասահմանեան շրջանակները կը ջանան մոլորեցնել երիտասարդները, փորձելով անոնց ուղեղները թունաւորել եւ ժողովուրդին դէմ հանել»:

Ալիեւ մերժած է Արեւմուտքի քննադատութիւնները՝ Ատրպէյճանի մէջ իրաւունքներու ոտնահարումներու եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքներու խախտումներուն վերաբերեալ, միաժամանակ շեշտելով, որ այս հանգրուանին, երբ Եւրոպան «հակաիսլամ դիրքորոշում որդեգրած է», կարելի չէ անոր մէկ մասնիկը դառնալու մասին խօսիլ:

Ան նաեւ քննադատած է կարգ մը իսլամ երկիրներ (առանց անուններ տալու), զանոնք մեղադրելով «Հայաստանի հետ գրկախառնուելու» յանցանքով, պնդելով, որ նոյն միջոցին Հայաստան «գետնին կը հաւասարեցնէ իրենց մզկիթները»:

«Արդեօք չէ՞ք տեսնում, որ նրանք հողին են հաւասարեցրել մեր մզկիթները: Չէ՞ որ այդ մզկիթները պատկանում են ոչ միայն մեզ, այլեւ ամբողջ իսլամական աշխարհին: Ինչպէ՞ս կարելի է դրա վրայ աչք փակել», հարցադրումներ ըրած է Իլհամ Ալիեւ:

comments

Advertisement