By Aztag Daily | Friday, 23 June 2023
Բերձորի միջանցքի ամբողջական եւ կամայական փակումը միջազգային իրաւունքին մէջ կը դիտարկուի իբրեւ պատերազմական յանցագործութիւն: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին նշուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
«15 յունիսէն ի վեր` արդէն 7-րդ օրն է, որ Ազրպէյճանը ամբողջութեամբ փակած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի կողմէ Բերձորի միջանցքով իրականացուող բոլոր տեսակի մարդասիրական բեռներու, ներառեալ պարէնի եւ դեղորայքի մատակարարումները Արցախի Հանրապետութիւն` անով իսկ միտումնաւոր զրկելով Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը, այդ շարքին` երեխաները, կիները եւ ծերերը, գոյատեւման նուազագոյն միջոցներէն:
«Կ՛ընդգծենք, որ Բերձորի միջանցքի ամբողջական եւ կամայական փակումը, մասնաւորապէս, Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ Արցախի պաշարուած ժողովուրդի հիմնական կարիքներուն համար նախատեսուած մարդասիրական բեռներու փոխադրման միտումնաւոր խոչընդոտումը, միջազգային իրաւունքին մէջ կը դիտարկուի իբրեւ պատերազմական յանցագործութիւն: Ըստ էութեան, Ազրպէյճանը 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու աղաղակող խախտումներէն եւ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի 22 փետրուար 2023-ի իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող վճիռի լիակատար անտեսումէն անցած է պատերազմական յանցագործութիւն հանդիսացող գործողութիւններու:
«Յիշեցնենք, որ Բերձորի միջանցքը, որ նախատեսուած է Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ, որով, մասնաւորապէս, կը սահմանուի Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ միջանցքի բացառիկ վերահսկողութիւնը, անցած վեց ամիսներուն ընթացքին գործած է Ազրպէյճանի կողմէ խիստ եւ կամայական սահմանափակումներով եւ օգտագործուած է միայն Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի ինքնաշարժներու անցման համար: 15 յունիսին Հակարիի կամուրջին վրայ ազրպէյճանական դրօշի հետ կապուած կանխամտածուած սադրանքէն ետք Ազրպէյճանը ամբողջութեամբ փակած է միջանցքը, այդ շարքին նաեւ` զրահամեքենաներու օգտագործումով: Այսպիսով, միջանցքով երկու ուղղութիւններով երթեւեկութիւնը արդէն փակ է նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչներուն համար, որոնք առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ կը մատակարարէին Արցախի Հանրապետութիւն:
«Արցախի Հանրապետութեան լիակատար շրջափակումը եւ արտաքին աշխարհէն մեկուսացումը կը խորացնեն մարդասիրական ճգնաժամը եւ բարենպաստ հող կը նախապատրաստեն, որպէսզի մարդկութեան դէմ ուղղուած Ազրպէյճանի շարունակական յանցագործութիւնները վերաճին ցեղասպանութեան յանցագործութեան: Ամբողջովին փակելով Բերձորի միջանցքը, որ արցախցիներու կեանքի միակ ճանապարհն է, Ազրպէյճանը փաստացի նոր մակարդակի հասցուցած է Արցախի ցեղային զտման եւ իբրեւ այդպիսին անոր ժողովուրդի ոչնչացման` իր նպատակաուղղուած քաղաքականութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ կասկածէ վեր է, որ Բերձորի միջանցքին նկատմամբ ապօրինի վերահսկողութիւն սահմանելու սկզբնական նպատակը եղած է ատոր հետագայ փակումը եւ շրջափակման օգտագործումը իբրեւ Արցախի ժողովուրդի դէմ յարձակողապաշտ եւ ցեղասպան քաղաքականութիւն վարելու միջոց:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ