Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի

By Aztag Daily | Friday, 23 June 2023


Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 21 յունիսին հրաւիրած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի` քննարկելու Արցախի շուրջ ձեւաւորուած ռազմաքաղաքական ընթացիկ վիճակը, մարտահրաւէրներն ու ընելիքները:

Նախագահի աշխատակազմէն կը յայտնեն, որ միտքեր փոխանակուած են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հանդէպ ճնշումներու ու սպառնալիքներու շարունակական աճի պայմաններուն մէջ արտաքին ու ներքին ուղղութիւններով առաջնահերթ ու ռազմավարական ընելիքներու շուրջ:

Նախագահ Յարութիւնեան համապատասխան յանձնարարականներ տուած է լիազօր մարմիններու ղեկավարներուն:

comments