Ուաշինկթըն. «Խաղաղութիւնը Պէտք Է Ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի Բնակչութեան Իրաւունքներու Եւ Անվտանգութեան Պաշտպանութիւնը. Կ՛ողջունենք Երկխօսութիւնը, Որ Կ՛առաջնորդուի Այս Նպատակով»

By Aztag Daily | Thursday, 03 August 2023


Միացեալ Նահանգներ տեղեակ են «Լաչինի միջանցքի անցակէտին վրայ Վագիֆ Խաչատրեանի կալանաւորման մասին: Վերջինս մարդասիրական միջազգային կազմակերպութեան ուղեկցութեամբ կը տեղափոխուէր Հայաստան` բուժման նպատակով», յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը` ի պատասխան «Ամերիկայի ձայն»-ի հայկական ծառայութեան հարցումին:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուցած է, որ ընդհանուր առմամբ, «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն խորապէս մտահոգուած ըլլալ Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը առեւտրական, մարդասիրական եւ սեփական ինքնաշարժներու համար շարունակաբար փակ պահելու վերաբերեալ»:

Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, մարդասիրական տեղաշարժի դադրեցումն ալ աւելի կը վատթարացնէ մարդասիրական իրավիճակը եւ կը խափանէ խաղաղ հոլովոյթին նկատմամբ վստահութիւն ձեւաւորելու ջանքերը:

«Առեւտրական, մարդասիրական եւ սեփական մեքենաներու Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը պէտք է անյապաղ վերականգնուի», կը նշուի արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգին մէջ:

«Մենք հետեւողականօրէն կը պնդենք, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պաշտպանութիւնը: Մենք կ՛ողջունենք երկխօսութիւնը, որ կ՛առաջնորդուի այս նպատակով», ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր պատասխանին մէջ:

comments

Advertisement