By Aztag Daily | Thursday, 03 August 2023
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Անգարայի իր նստավայրին մէջ ընդունած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը:
«Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է ազրպէյճանական-հայկական յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը: Նախագահը ընդգծած է, որ Զանգեզուրի միջանցքի անյապաղ բացումը եւ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի ձեռքբերումը կարեւոր են կարգաւորման համար», կը նշուի Էրտողանի աշխատակազմի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Պայրամովի հետ զրոյցի ընթացքին Էրտողանը նաեւ նշած է, որ պէտք է շարունակել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի փոխադարձ առեւտուրի ծաւալը մինչեւ 15 միլիառ տոլար հասցնելու ջանքերը եւ ընդգծած, որ երկու երկիրներու շահերէն կը բխի սերտօրէն համագործակցիլ ուժանիւթի եւ փոխադրութեան բնագաւառներուն մէջ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան անդրադարձած է Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման խնդիրին: Ան յիշեցուցած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները սառեցուած են Հայաստանի կողմէ «ազրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւումի» պատճառով:
Անոր համաձայն, բռնագրաւումը փաստացի աւարտած է, ներկայիս բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններու գծանշման շուրջ:
«Թուրքիան ուշադիր կը հետեւի իրադարձութիւններու զարգացման: Թուրքիոյ դիրքորոշումը այսպիսին է` յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բոլոր համաձայնութիւններուն իրագործումէն ետք», ըսած է Ֆիտան:
«Թուրքիոյ ուժը Ազրպէյճանն է, իսկ Ազրպէյճանի ուժը Թուրքիան է», յայտարարեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Թուրք նախարարը ընդգծած է, որ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը նպաստէ տնտեսութեան զարգացման եւ կայունութեան:
Ֆիտան իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադառնալով Բերձորի միջանցքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ըսած է, որ Բերձորի ճամբուն վերաբերեալ Ազրպէյճանին հասցէագրուող մեղադրանքները անարդար են:
«Բժշկական տարանցումը կը կատարուի, մարդասիրական օգնութիւն կը կատարուի, Լաչինի ճամբան ազրպէյճանական հող է, եւ Ազրպէյճանը կրնայ այնտեղ որեւէ գործողութիւն կատարել», ըսած է Ֆիտան:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով իր կարգին յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումը ակնյայտ է: «Երկար տարիներ կարգաւորումը անկարելի էր Հայաստանի բռնագրաւումի քաղաքականութեան պատճառով», ըսաւ ան:
Անոր համաձայն, «ազրպէյճանական տարածքները բռնագրաւումէն ազատագրելէ» անմիջապէս ետք նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Ազրպէյճանը պատրաստ է աշխատելու Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրին վրայ:
«Ատիկա յաղթանակած պետութեան եւ յաղթանակած ղեկավարի քայլն էր», ըսաւ Պայրամով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ