By Aztag Daily | Thursday, 10 August 2023
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հրատապ դիմում-ուղերձ յղած է միջազգային հանրութեան դերակատարներուն` Արցախի ժողովուրդի ցեղասպանութեան կասեցման եւ շրջափակման վերացման նպատակով հրատապ գործողութիւններու կատարման ակնկալիքով, կը յայտնեն անոր աշխատակազմէն:
«Ես` Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանս, այս հրատապ ուղերձով կ՛ահազանգեմ, որ նոյնինքն հիմա Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը կ՛ենթարկուի ցեղասպանութեան եւ կանգնած է ոչնչացման ու հայրենազրկման իրական սպառնալիքի առջեւ», նշուած է Յարութիւնեանի ուղերձին մէջ:
Ան ներկայացուցած է ստեղծուած իրավիճակը, Արցախի 240 օրուան շրջափակման ու անոր պատճառով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը, ապա յայտարարած է, որ այս իրավիճակին մէջ անգործութեան կամ անտարբերութեան դրսեւորումը ոչ այլ ինչ է, քան ցեղասպանութեան յանցագործութեան թողտուութիւն. «Միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է գործուն անհատական եւ հաւաքական քայլերու ձեռնարկել թոյլ չտալու Ազրպէյճանին մարդկութեան պատմութիւնը համալրել եւս մէկ զանգուածային սովամահութեան եւ ցեղասպանական էջով»:
Ստեփանակերտը Հայաստանին կը յորդորէ Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման եւ Արցախի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական աղէտը, որ վերածուած է ցեղասպանութեան յանցագործութեան, անյապաղ ներկայացնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի քննարկման` հրատապ եւ յստակ քայլեր ենթադրող բանաձեւի ընդունման նպատակով, դիմել միջազգային գործընկերներուն` քննարկելու եւ սահմանելու պատժամիջոցներ Ազրպէյճանի դէմ, զգուշ ըլլալ իրավիճակին վերաբերեալ իրենց հրապարակային յայտարարութիւններուն եւ գնահատականներուն մէջ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին Արցախի Հանրապետութեան նախագահը կը յորդորէ դրսեւորել բարոյական եւ քաղաքական պատասխանատուութիւն եւ առաջնորդութիւն ու գործի դնել ՄԱԿ-ի ամբողջ համակարգը` կասեցնելու Արցախի մէջ տեղի ունեցող միջազգային յանցագործութիւններու հետագայ ընթացքը:
«Կը խնդրեմ հաշուի առնել, որ Արցախը այժմ աշխարհի վրայ միակ տարածքն է, որ կը գտնուի լիակատար պաշարման մէջ եւ ուր նոյնիսկ միջազգային հանրութիւնը որեւէ մուտք չունի: Արդեօք ձեզի համար հարց չի՞ ծագիր, թէ ո՛րն է Արցախի խաղաղասէր ժողովուրդը այսպիսի լիակատար մեկուսացման ենթարկելու Ազրպէյճանի մղումը, արդեօք ձեզ չի՞ մտահոգեր այն հանգամանքը, որ Արցախը դարձած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով ոչ թէ գորշ գօտի, այլ` սեւ խոռոչ, ուր կրնան պատահիլ մարդկային քաղաքակրթութեան տեսած բոլոր յանցագործութիւնները, արդեօք չէ՞ք գիտակցիր, որ միջազգային այսպիսի անպատժելիութիւնը եւ նոր ցեղասպանութեան թոյլատրումը պիտի ծնին նորանոր յանցագործութիւններ` մի գուցէ նաեւ ձեր ժողովուրդներուն հանդէպ: Ուստի, բոլորէդ կը խնդրեմ ու կը պահանջեմ` անյապաղ գործել», ըսուած է ուղերձին մէջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ