Կոչ Աւստրալիահայ գաղութին՝ բոլորս Արցախի կողքին

By ARF-AU | Saturday, 19 August 2023


Կոչ Աւստրալիահայ գաղութին՝ բոլորս Արցախի կողքին


Սիրելի հայրենակիցներ,


Հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս կը գտնուի ցեղասպանութեան սեմին, այս անգամ՝ հայրենի Արցախի մէջ։


Ազրպէյճանի կողմէ աւելի քան ութ ամիսներէ ընթացող Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակումը եւ Արցախի շրջափակումը ընթացք տուած են ծայրայեղ աղետալի իրավիճակի։ Սնունդի բացակայութիւնը սկսած է պատճառ հանդիսանալ սովամահութեան դէպքերու։ Վառելանիւթի եւ դեղորայքի անհասանելիութիւնը իր կարքին սկսած է խլել կեանքեր։


Միջազգային օրէնքի ականաւոր մասնագէտ, Միջազգային Քրէական Դատարանի նախկին դատաւոր, Լուիս Մորենօ Օքամփօ իր հրատարակարած մասնագիտական տեսակէտին մէջ եզրակացուց, որ Արցախի ազրպէյճանական շրջափակումը իսկութեան մէջ ցեղասպանութիւն է՝ ըստ ՄԱԿի Ցեղասպանութեան հռչակագրի դրոյթներուն։


Տարբեր երկիրներէ ականաւոր ցեղասպանագէտներ եւս բաց նամակ մը յղած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին՝ զգուշացնելով Արցախի մէջ առկայ ցեղասպանութեան վտանգին մասին:


Ազրպէյճանի մտադրութիւնը յստակ է. սովամահութեան ու ցեղասպանութեան սպառնալիքներով պարտադրել Արցախի ներառումը Ազրպէյճանի կազմին մէջ։ Սակայն Ազրպէյճանի շարունակուող յարձակողական քաղաքականութիւնը կու գայ փաստելու, որ Արցախահայութեան ապահովութիւնը երաշխաւորող միա՛կ այլընտրանքը ազգային ինքնորոշումն է։ Այս դժուար ճանապարհն է որ ընտրած է եւ որուն կառչած կը մնայ Արցախահայութիւնը՝ ամէնայն խիզախութեամբ եւ ի գին աներեւակայելի զոհողութիւններու։


Ի տես ստեղծուած այս կացութեան, համայն հայութիւնն ու Աւստրալիահայութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս պիտի կանգնի Արցախի մեր հայրենակիցներուն կողքին, պաշտպան հանդիսանալով Արցախահայութեան ապահովութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին։


Գալիք օրերուն եւ շաբաթներուն Աւստրալիոյ տարածքին պիտի կազմակերպուին իրազեկման եւ պահանջատիրական զանազան միջոցառումներ։ Կոչ կ՛ուղղենք Աւստրալիահայ մեր հայրենակիցներուն իրենց անվարան մասնակցութիւնը բերել եւ միահամուռ կերպով Ո՜Չ ըսել Արցախի մէջ երկրորդ Հայկական Ցեղասպանութեան ու վերահաստատել մեր զօրակցութիւնը Արցախահայութեան, անոր իրաւունքներուն եւ անոր դատին։


ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ

Հայ Օգնութեան Միութեան Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն

ՀՄԸՄի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւն

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Պատանեկան Միութիւն

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբ

Արմենիա Մետիա Մամլոյ եւ Տեղեկատուական Ընկերակցութիւն

comments

Advertisement